Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/31

Այս էջը հաստատված է

Թորոս Թորանեան

օրինակներով ճշդելէ ետք մեր եղբայրութիւնը, կ'անցնի նոր ժամանակներու մեր յարաբերութիւններուն եւ ճաւճաւածէի վաստակի արժեւորումին՝ որպէս իր երկրի ու ժողովուրդի առօրեան բարելաւելու ջատագովին։ Ապա կու տայ դիմանկարը վարպետաց վարպետ Կոստանդինէ Գամսախուրդիա գրողին, որ հայոց կողմէ չէր ուզեր կոչուիլ վարպետաց վարպետ, այլ վարպետ ինչպէս իրեն համար վարպետ էին Աւետիք Իսահակեանն ու Դերենիկ Դեմիրճեանը։

1963-ի Փետրուարին, անձամբ առիթը ունենալով հանդիպելու վրաց մեծ գրողին, իր տան մէջ տեսայ մեծադիր լուսանկարները վարպետ Ա. Իսահակեանին ու Դ. Դեմիրճեանին։ Ուրախացայ ճիշդը։ Մ. Սարգսեան կ'ընդունի ոչ միայն մեծութիւնը գրողին, այլեւ կ'իմաստաւորէ անոր ջանքերը հայ-վրացական բարեկամութեան ամրապնդումին մէջ՝ հիանալի օրինակներ մէջբերելով, Գամսախուրդիայի մէկ այցելութիւնը ներկայացնելով ի Հայաստան։

«Յարատեւելու մենաշնորհ» (Նոդար Դումբաձէին). Տեսէ՛ք թէ Մ. Սարգսեանը որպիսի՜ ջերմութեամբ կը մեծարէ վրաց իմաստութիւնը ներկայացնող նուիրեալը. «Քո անմահութիւնը երաշխաւորուած է յաւերժութեան օրէնքով, ես ցանկանամ եմ ոչ թէ խօսել քո մասին, այլ որպէս կենդանի, ապրող մարդու խօսել քեզ հետ։ Ամենագօր մահն անզօր է քո նկատմամբ։ Դու պարզապէս քաղաքացու քո անձնագիրը փոխում ես անմահութեան անձնագրով, ուր ի զօրու են միա՜յն Աստծոյ մեծատաղանդ եւ արտօնեալ որդիները»։

«Ակամայ երգիծաբաններ» (յուշերի շարքից).

Ամէն ժողովուրդ կը գովէ իր չունեցածը։ Կարճ հանդիպում մը վրացի գրողներու հետ, ուր ի լուր վրաց գրողներու յայտարարութեան, թէ վրացերէնը հրեշտակներու լեզուն է, Մ. Սարգսեան կը յանձնարարէ ըսել թէ Հայաստանը դրախտ է ըստ Մեծ գիրքին։ Վրաց գրողները դժուար կ'ընդունին մեր ճշմարտութիւնը։ Անոր համար Մ. Սարգսեանը կ'ըսէ. «Ամէն մի ժողովուրդ իր չունեցածը կ'երազէ. վրացին իր լեցուին` հրեշտակային ըլլալը, հայը՝ իր դրախտ Հայաստանը»:

Հայն ու վրացին եղան քուիդ...