մը՝ 38 անուն գիրք՝ դեռեւս 1999-ին։ Ո՞ր մէկը թուեմ եւ յարգալիր պատմեմ։ Վախնամ ոյժերս բաւարար չեն ու կէս ճամբան զիս կը լքէ Բեգասս։
Իսկ դուն Բեգասը յոգնեցուցիր, երբ ան փորձեց քու աղբիւրալի Արագածդ բարձրանալ։
Ամէն մարդ Արարատը կը գովերգէ, դիւրին է։ Ես Արագածը կը գովերգեմ, զոր պահել կրցանք իր աղբիւրնեբով ու երկինքէն առանց պարանի կախուած անմար կանթեղով, կանթեղ, զոր մեր Աստուածնե՜րը կախած էին եւ ոչ թէ Լուսաւորիչը։
Սիրելի՜ Մկրտիչ Սարգսեան, գրածներդ թարգմանուեցան այլ լեզուներով։ Քու ստեղծագործութիւներուդ կը հանդիպինք հայերէն ու այլալեզու պարբերականներու մէջ, որոնց թիւը կը հասնի առասպելականի՝ 585 հասցէներու։
Իսկ գրականութիւն անուանդ մասին՝ 205 անուններու գրիչին տակ։
Ու ահա՛ «Գրողի ճանապարհը» գիրքին 34-րդ էջին վրայ կը կարդանք «Ինձ» բանաստեղծութիւնդ այնքան ինքնավստահի գրիչով՝ արդարօրէն.
|
Ապա հոս ներկայացուած է Մկրտիչ Արմէնի գրիչով (որ ի տարաժամու գրեց «Հեղնար Աղբիւր»էն ետք՝ «Պատուիրեցին յանձնել ձեզ» վսեմական փաստագրութիւնը չարչարանավայր Սիպերիոյ մասին) ու արդ՝ Մկրտիչ Սարգսեանի մասին՝ «Լիրիկայի հովտում»։