Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/42

Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

ՆԱՄԱԿԱՆԻ ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ

Այս տարուան Յունիսի երեքին ցերեկոյթ մը կար նուիրուած «Արամ Հայկազ. Մոռացուած էջեր» շարքի եօթներորդ ու վերջին հատորին, զոր կազմած էր բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Մամիկոնի Խաչատրեանը։ Յանկարծ Վահագն Սարգսեանը գիրք մը երկարեց ինծի. սրահը Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջն էր։

Նայեցայ ներկայացուած գիրքի շապիկին, նայուածքին տակ յայտնի, սիրուած գրողին գրուած էր՝ Մկրտիչ Սարգսեան, «Նամականի»[1]։ Ընդոստ համբուրեցի սիրածս հեղինակին լուսանկարը։ Ինչե՞ր կային արդեօք հոն գրուած, արդեօ՞ք հրդեհ, թէ՞ մատեան։ Անհամբեր էի կարդալու այդ մատեանը։

Արամ Հայկագի նուիրուած ցերեկոյթը, անոր գրականութեան եօթներորդ հատորը, ուր ամփոփուած էին հեղինակին մոռցուած էջերը, պահիկ մը պիտի ուշացնէին ընթերցումս։

Երբ վերջ գտաւ խանդավառ ցերեկոյթը ծափերու տակ, աճապարեցի հասնիլ տուն ու բացի գեղեցկօրէն տպագրուած այս մատեանը։

Գիրքը կազմողը, յառաջաբանն ու ծանօթագրութիւնները յօրինողը եղած էր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վահագն Սարգսեանը՝ որդին սիրուած հեղինակին, որ կը հետեւէր իր հօր։ Իսկ երկին խմբագիրն էր նոյնպէս բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ներսէս Աթաբէկեանը։

  1. Մկրտիչ Սարգսեան, «Նամականի», Երեւան, «Հայաստան», 2016, 284 էջ։