Թորոս Թորանեան
Ըսի. - Հատորը լաւ ձեռքերու մէջ է։
Համբերահատ էի, կարդալ սկսայ:
Հատորը կը բացուէր բանաստեղծութեամբ մը՝ վարժ գրիչէն Մկրտիչ Սարգսեանի.
|
Այո՛, մանաւանդ մարտադաշտ, քանի որ Մկրտիչ Սարգսեանը ոչ միայն եղած էր խիզախ մասնակիցը Հայրենական մեծ պատերազմին, այլեւ՝ տուն վերադարձած յաղթական ու վիրաւորուած։
Ու երբ հասայ գիրքին 35-րդ էջին, դադրեցուցի ընթերցումը ու սենեակիս առանձնութեան մէջ բացականչեցի.
— Արդեօք ի՞նչ է այս գիրքը, հրաշապատո՞ւմ, մեր երեք անկախութիւններու վերապատո՞ւմ, մշակոյթի ու գիտութեան զարգացման պատմութի՞ւն, թէ՞ հանրագիտարան։
Աւելցուցի.
— Եթէ չտպուէր այս գիրքը, որդի Վահագն Սարգսեանը յանցագործ մը պիտի նկատուէր։
Հիմա հատուած մը հատորին «Էպիստոլեար պատումներ» յառաջաբանէն. «Էպիստոլեար ժամանակների վերջնագծում, երբ նորայայտ հեռահաղորդման սրընթաց միջոցների շնորհիւ «անմատչելի հեռաւորը» «անընդմիջելի մերձաւոր» է դարձել (Գ. Նարեկացի) եւ նամակագրութիւնն այլեւս գրողի ու մտաւորականի կեանքի զուգահեռ ու անհրաժեշտ պարագայութիւն չէ, այլ՝ որոշակի առիթով ու հազուադէպ պատեհութեամբ իր հոգու ու մտքի լայն կամ նեղ պատուհանը՝ բացուած ժամանակի ու աշխարհի վրայ, առաւել ուշագրաւ է դառնում այն։ Գրողի նամակախոհը՝ անմիջական, յուզական, ներանձնական ու ինքնադէմ, գրողի ստեղծագործութեան մասը կազմելով, վերածւում է իւրատեսակ մի հրապարակագրական վաւերապատումի»։