Երուանդ Հ.Քասունի
ԷՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈԻՆԻ
«ԿԵԱՆՔԸ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ»
ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ
Եթէ յաջողած եւ իրաւ գրական-գեղարուեստական գործէ մը պահանջուածը հարազատութիւնն է եւ անկեղծութիւնը, որ միաժամանակ կոչուած է տալու իր ժամանակին իրաւ պատկերը, եւ այս բոլորը գեղարուեստական գործի մը պահանջած խնամքով ու կառուցումով, կրնանք ըսել անվարան, որ Մկրտիչ Սարգսեանի Կեանքը Կրակի Տակ արձակ գործերու հաւաքածոն, արձանագրուած փայլուն յաջողութիւն մըն է սովետահայ արձակի պատմութեան մէջ։
15000 օրինակներով 1963-ին հրապարակ հանուած այս հատորը ամփոփուած է 410 էջերու մէջ, երկու գլխաւոր բաժանումներով. Կարող Եմ Զսպել Արցունքներս (եօթը պատմուածքներ) եւ Որոշել Եմ Սպանել Պատերազմը (երեք վիպակներ)։
Անծանօթ մը չէ Մկրտիչ Սարգսեան, հակառակ անոր որ այս հատորը իր անդրանիկ ժողովածուն է[1]։ Իր հռչակը ան չի պարտիր ժամանակին. հին անուն մը չէ։
1962-ին, «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսան իր երկու պատմուածքները՝ Շատ էք Փոխուել, Աղջիկներ (թիւ 10) եւ Չմոռանալ (թիւ 12)։ Եթէ առաջինը իր անկեղծութեամբ եւ հարազատութեամբ ուշադրութիւն կը գրաւէր, երկրորդը՝ բացարձակ յաջողութիւն մըն էր որպէս կառուցում, անկեղծութիւն, հարազատութիւն եւ մանաւանդ՝ որպէս յանդգնութիւն։
Կեանքը Կրակի Տակ հատորը իր ամբողջութեան մէջ գրուած է 1962-ին, բացի վերջին վիպակէն, ստորագրուած 1961, որուն խորագիրը տրուած է նաեւ հատորին։
Սպառիչ գրադատութիւն մը ընել չէ մեր նպատակը։ Բայց ի տես արձանագրուած յաջողութեան, չենք ուզեր լուռ անցնիլ եւ արդար
- ↑ «Կեանքը Կրակի Տակ» գիրքը հեղինակի արձակ ստեղծագործութիւններուն անդրանիկ ժողովածուն է։ Մինչ այդ Մ. Սարգսեանը հրատարակած էր բանաստեղծական երկու գիրքեր՝ «Երգեր» (1957) եւ «Գետակ» (1959) (Թ. Թ.)