Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/75

Այս էջը հաստատված է

Գուտցի Պ. Միքայէլեան

ԳՈՒՏՑԻ Պ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

«ՃԱԿԱՏԱԳՐՈՎ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾՆԵՐ»
Մկրտիչ Սարգսեանի[1]


Ստեփան Ալաճաճեանի «Եղէգները Չխոնարհուեցին» ընկերային-պատմական վէպէն անմիջապէս ետք կարդացինք Մկրտիչ Սարգսեանի վերոյիշեալ ընդարձակ երկը, որ կը բովանդակէ պատմուածքներ, ուղեւորութեան մը տպաւորութիւններ (Իտալիա) եւ վէպ մը՝ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն վերցուած։

Երկու գրողներն ալ սովետահայ ժամանակակից արձակագիրներ են։ Երբ կ'ըսենք ժամանակակից, նկատի կ'ունենանք շրջանի մը ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւնները իրենց ստեղծագործութեանց վրայ։ Ալաճաճեան հայրենադարձ գրող մըն է, որ իր պատանեկութիւնը անցուցած է Հալէպի մէջ։ Մկր. Սարգսեանը ծնած ու մեծցած է հայրենի հողին վրայ։ Երկուքին արտայայտելու եղանակները, թեմաներ զարգացնելու արուեստը, նիւթեր ընտրելու անկախութիւնը ընթերցող հասարակութեան կը տրամադրեն ժամանակակից մշակոյթի մը ազդեցութեան այլազան մտածելակերպերուն արդիւնքները։ Այս տողերը ստիպուած պիտի չըլլայինք ըսելու, եթէ նկատի չունենայինք կարգ մը նորայայտ քննադատներու տեսակէտները, թէ քսաներորդ դարու գրականութիւնը պէտք է որոշ ձեւով գրուի, որոշ թեմաներով եւ որոշ ոճով, մէկ խօսքով՝ հայ գրականութիւնը պէտք է որ քայլ մը առաջ նետէ ֆրանսական գրականութեան... պոչէն բռնելու։ Դժբախտաբար, մեր հայ նոր գրողները, որոնցմէ ոմանք տաղանդաւոր

  1. Մկրտիչ Սարգսեան, «ճակատագրով դատապարտուածներ», Երեւան, «Հայաստան», 1967, տպ. 20000։