Թեւածող հոգի մը
են, կը հետեւին զիրենք առաջնորդողներուն, կը սորվին ֆրանսացի գրողներուն ոճը, կը փակին անոնց պոչին եւ յաճախ կը քսուին գետինը։ Ոճը դիւրին է կապկել, սակայն խորհուրդը, հոգեկան ընդվզումը (քոնֆլիքթ), զոր իւրաքանչիւր գրողի սեպհական մշակոյթը կու տայ, ի՞նչ ուժգնութեամբ երեւան պիտի ելլէ իւրաքանչիւր գրողի երկին մէջ։ Ասիկա է էականը ստեղծագործութեան։ Անզգալաբար դուրս պիտի ցայտէ խորհուրդը։ Ոճը ըսելու ձեւն է։ Ան իւրայատուկ է, անձն է։ «Ինչ կ'ըսէ»ն իր շրջանին խորհուրդն է։ Սակայն կրնա՞յ այս խորհուրդը առանձին գոյութիւն մը ունենալ։ Մարդկային միտքը կը յղանայ, կը գերիշխէ նիւթին, իսկ նիւթն ալ իր մարդկային միտքով կերտուած կերպարով, կը ներգործէ մարդկութեան վարմունքին՝ ըլլա՜յ այն բանաւոր կամ ոչ-բանաւոր։ Արուեստագէտը ի՛նչ ուժգնութեամբ պիտի վերստեղծէ իր ժամանակը՝ կախում պիտի ունենայ իր անձնական փորձառութենէն։ Ըսելու եղանակները մի՜շտ պիտի տարբերին, բոլոր մշակոյթներու եւ բոլոր ժամանակամիջոցներու մէջ։ Մարդկային մտածումները պիտի ըլլան այլազան, հետեւաբար՝ արձագանգող ոյժը, եւ այդ ոյժը սպառելու միջոցները պիտի ըլլան այլազան։
Ի՜նչ կ՚ուզենք ըսել այս բոլորով։ Արուեստը իր այլազանութեամբ կը պատկերացնէ համայն մարդկութիւնը։ Ալաճաճեան կ'արտայայտէ ցայտուն ոճով մը, իսկ Սարգսեան՝ հանդարտ։ Ալաճաճեան կ'ըմբռնէ տարողութիւնը տիեզերքին, Մկրտիչ Սարգսեան՝ կ'ամփոփուի ինքն իր մէջ եւ կը դիտէ տիեզերքին արտաքին գեղեցկութիւնը։ Ալաճաճեան իր ներկայ դարուն քոնֆլիքթին մէջ հարց կու տայ ինքզինքին՝ գոյութեան լինելութեան տարրական սկզբունքներուն անխորտակելիութեան հարցականին՝ թէ մարդ արարածը բնութեա՞ն օրէնքով կ'ապրի, թէ՞ ոչ...։ Ինչո՛ւ կ'ապրի ան, ի՛նչ կը պահանջէ։ Սարգսեան պարզէ։ Քոնֆլիքթը զօրաւոր չէ։ Ի՜նչ տարբերութիւն կ'ընէ։ Կան իրեն համար մարդկային վարմունքը, զայն դիտելու եւ անոր մասին խօսելու եղանակը։ Իւրաքանչիւր դրսեւորում ունի իր թաքուն խորհուրդը։ Եթէ աղջիկ մը կը ժպտի իրեն, կը դառնայ ետին՝ զինք դիտելու եւ կը թաքցնէ մտածում մը։
Ստեփան Ալաճաճեան երբ կը վերցնէ նիւթը անցեալէն, չի՜ հեռանար ներկայ ժամանակի պահանջներէն։ Անցեալը ներկան է, իսկ