Էջ:Թորոս Թորանեան, Թեւածող հոգի մը Մկրտիչ Սարգսեանի հետ.djvu/90

Այս էջը հաստատված է
Թեւածող հոգի մը

ընթերցողը չի կրնար համաձայն ըլլալ հեղինակին հետ, որովհետեւ, մեծագոյն թէ փոքրագոյն, ճակատամարտերուն նկարագրութիւնները ոչ միայն իր ոյժերէն վեր չեն, այլ ընդհակառակը, իր գլխաւոր արտայայտութիւնն են։

ճակատամարտերը Մկրտիչ Սարգսեան կը նկարագրէ այնպիսի ահաւոր ոյժով մը, որ ընթերցողը ո՛չ միայն հեռուէն, այն ալ՝ քառասուն տարուայ հեռաւորութենէն կը տեսնէ այդ ճակատամարտերը, այլեւ՝ կարծէք կը մասնակցի անոնց, եթէ ոչ գործնապէս, գէթ ներկայ է հոն եւ կ'ապրի այն գեհենային վիճակը, որ կը տիրէ ռազմաճակատին վրայ, եւ այն ալ առաջաւոր գծի վրայ, քանի որ Մկրտիչ Սարգսեան, պատերազմին ամբողջ տեւողութեան, գտնուած է առաջին գծի վրայ։ Կարծէք գնդակները կը սուլեն ականջին տակէն, գնդացիրները կը ճարճատին իր կողքին, ականներն ու ռումբերը կը պայթին իր շուրջ բոլորը։ Մկրտիչ Սարգսեան ապրած է այդ արհաւիրքը, եւ զայն, շնորհիւ իր արտակարգ տաղանդին, կը փոխանցէ իր ընթերցողին, նոյնիսկ քառասուն տարի ետք։

Նկարագրութիւններուն մէջ կան նաեւ ֆաշիստներուն գազանային գործերը, սահմռկեցուցիչ տեսարաններ, քստմնեցուցիչ արարքներ, որոնց քով Լէնկ-Թիմուրներն ու Ալփ-Ասլանները շուքի մէջ կը մնան, հրեշտակնե՜ր են։ Ֆաշիստներուն գազանութիւնները կարելի է բաղդատել միայն Մեծ Եղեռնի ընթացքին ի գործ դրուած թրքական բարբարոսութիւններուն հետ։ Եւ շատ ճիշդ է, երբ թրքական ոճիրները, գործադրուած ցեղասպանութիւնը կը նկատուի ֆաշիստական գործելակերպին նախօրինակը։ Մարդ կ'ապշի մարդկային մտքի հանճարեղութեան հանդէպ, երբ ան կը մտածէ ու կը գործադրէ մարդկային մտքին համար անընկալելի գազանութիւններ։

Սակայն, երբ կը կարդաք այդ արարքներուն մասին, կը համոզուիք, թէ «գազանութիւն» բառը ճիշդ չի բնութագրեր զանոնք։ Վայրի գազանը իր ամենավայրագ յօշոտումներովն իսկ չի կրնար քովէն իսկ անցնիլ անոնց, զորս թուրք ու ֆաշիստ բորենիները ի գործ դրին մարդկային արարածներու վրայ։ Եւ անտեղի չէ այն փակագիծը, զոր հեղինակը կը բանայ, ռուս թղթակիցին պատմելով հայ ժողովուրդին ապրած արհաւիրքներու մասին։ Սակայն, կը խորհինք, թէ Մկրտիչ