25. «ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆՑԻ ՀԱՅ ԳԻՐԻ եի ւրարաՎԻ մարգեր» Պէյրութ, 1987։ Խօսքը Տէօրթ եոլցի գիրի մարդոց մասին է։Լոս Անճելըս դասընկեր մը ունինք՝ Նուպար Յակոբեանը։ Օր մը Ամերիկա ենք ու կը հանդիպինք մեր այս դասընկերոջ ու հարց կու տանք.
- Իրաւ, Յակոբեան, դուն Տէօրթ եոլցի՞ ես։
Այո, ի՞նչ կայ որ, կը պատասխանէ Նուպարը։
- Եթէ Տէօրթ եոլցի ես, կ՚ըսենք մենք, ահա մեր Չորք մարզպանցի գիրի մարդոց մասին գիրք մը պատրաստած ենք, որ առ այժմ կը մնայ անտիպ։
Հրատարակելի գիրք մը կայ ըսէ, եղբար, որ հրատարակենք, ինչո՞ւ երկար բարակ յառաջաբան կը կարդաս։ Որքա՞ն ծախսի կը նայի։
Կու տանք թիւ մը։
Կ՛ուզէ անմիջապէս վճարել։
- Ոչ, կ՚ըսենք, ձեզմէ դրամ ուզող չեղաւ։ Ձեռագիրը, Պէյրութ, հայրենակիցիդ՝ Արամ Սեփեթճեանի մօտ կը գտնուի, ան է, որ պիտի զբաղի հրա տարակութեան հարցով, եթէ ընելիք մը ունիս, անոր միջոցաւ կատարէ։ Մեր Հալէպ վերադարձէն ամիս մը ետք Պէյրութ կ՚երթանք ու կը հանդիպինք Սեփեթճեանին, որ ձեռքերը շփելով կ՚ըսէ մեզի. - Գիտես, Թորոս, լաւ լուր մը պիտի տամ, մեր Տէօրթ եոլցի Նուպար Յակոբեանը հրատարակելի գիրքիդ դրամը ղրկած է։
- Տեղեակ ենք, կ՚ըսենք։
- Ուրկէ՞, կը հարցնէ Սեփեթճեանը։
Կը պատմենք պատմութիւնը։
- Ինծի չէ ըսած, կը փսփսայ Սեփեթճեանը...
- Ըսած է, եղբայր, ըսած է, ահա դրամը ղրկած է։ Ըսելը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։Ուրեմն, Չորք մարզպանցի գիրի մարդոց մասին պատրաստուածգիրքն ալ այսպէս հրատարակուեցաւ։