Էջ:Կաղանդչէք առ մանկտին.pdf/14

Այս էջը հաստատված է

— 12 —

ԿԵՂԾ ՏՕԳԹՕՌԸ

Սոկրատ փիլիսոփայն, որ բժշկութեան մէջ ալ հռչակաւոր էր. իւր բնակութիւնը ՚ի Կղզի փոխադրելէն ետքն ալ իրեն օգնութեանը կարօտ հիւանդները կը խնամէր։ Մէկ քանի տարի առաջ կինը մեծառ ըլլալուն, իւր երկու փոքրիկ զաւկները կը մխիթարէին զինքը։ Այս երկուքը երբեմն իրենց փոքրիկ խաղալիկ կառքերնին դղեկին ճամագաւթին մէջ կը քաշէին. եւ երբ կը հոգնէին, անտառին վրայ նայող պատուհանէ մը մտիկ կընէին թռչնոց երգերը։

Օր մը Սոկրատ երբ ըստ սովորութեան հիւանդի մը այցելութեան երթալու համար պաստոնն ՚ի ձեռին եւ ակնոցըն ՚ի քիթ կը պատրաստուէր տունէն մեկնիկ, ահա դուռը զարնուեցաւ. տղան վազեց դուռը բացաւ եւ դիմաւորեց մուրացիկ կին մը, որին գիրկը մանկիկ մը կար։

—Զաւակս, ըսաւ կինը բժշկին տղուն. հայրիկդ հո՞ս է։