Այս էջը հաստատված է
— 13 —
Բժիշկը որ այնմիջոցին տղուն ետեւէն հասեր էր,—Հոս եմ. ի՞նչ կուզէք տիկին. հարցուց անհամբեր։
—Ա՛հ, տէր իմ, զաւակս հիւանդ է։ մրմնչեց խեղճ կինը։
Այս խօսքերուն ՚ի պատասխանի, բժշկին տղայն, որ հօրը ունեցած մխիթարիչ զգացումէն ինքն ալ ունէր, ըսաւ,
—Բան չ՚կայ տիկին անհոգ եղիր, հիմա հայրիկս դեղ մը կուտայ կանցնի։
Նոյն միջոցին փոքրիկ աղջիկը որ ասոնց քով հասեր էր, մանկանց յատուկ գորովալից զգացումով մը յարեց։
—Խե՜ղճ փոքրիկ։
Բժիշկը անմիջապէս խսհուն դէմքով ժամանակացոյցը բացաւ եւ հիւանդ մանկան բազկերակը սկսաւ զննել։ Բժշկին տղայն ալ հօրը ձեւերուն խիստ ուշադրութիւն կընէր. իսկ քոյրը՝ կատուն գրկած կը չոյէր։
Չերկարենք, կինը բժշկին տուած դեղագիրը եւ անոր մէր քանի պատուէրները առնելէն ետքը հեռացաւ. տօգթոռն ալ տունէն մեկնեցաւ։