Էջ:Կաղանդչէք առ մանկտին.pdf/16

Այս էջը հաստատված է

— 14 —

Տղայք նորէն սկսան իրենց խաղին. մանչը իւր փայտէ կը քաշէր, աղջիկն ալ կատուն կը շոյէր։

Քանի մը վայրկեան անցնելէ ետքը կատուն տան սպասուհւոյն ձեռքը բռնած մսի կտորը տեսնելուն պէս՝ աղջկան գրկէն դուրս ցատկեց եւ կառքին զարնուելով, զայն տապալեց. ասոր վրայ եղբայրը կատուին վրան վազելով բռնեց զայն եւ լաւ մը ծեծեց. կատուն սկսաւ մլաւել, իբր թէ ըրածին համար ներողութիւն կը խնդրէր։ Կատուին մլաւ ձայնը փոքրիկ աղջկան սրտին դպաի, աճապարեց զայն եղբօրը ձեռքէն ազատել, եւ աթոռի մը վրայ դնելէն ետքը, արտասուալից աչօք, «հիմա ի՞նչ պիտի ընեմք,» ըսաւ։

Եղբայրը քրոջ արցունքները տեսնելով, զղջած ըրածին վրայ, եւ «բան մը կընենք,» ըսելով վերի յարկը ելաւ, հօրը գիշերային գլխարկը գլուխն անցուց, անոր խոշոր այլ հին մէկ ակնոցը քիթը դրաւ, մեծ մօրմէն գրպանին ժամացոյցը առաւ եւ վար իջնելով, աչքը ժամացոյցին