Այս էջը հաստատված է
— 30 —
Գ Ի Տ Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն
Ծեր գիտական մը՝ խոշոր գիրքերու մէջ թաղուած, իւր աշխատութեան սենեկին մէջ նստեր էր, ուր կրակարանը կը բսրբոքէր փայտի հաստ կոճղեր: Յանկարծ սենեկին դուռը կը զարնուի, եւ գիտնակին «մտէք» հրամանին վրայ ամենաանմեղ եւ ամենապարզ փոքր աղջիկ մը ներս կը մտնէ:
—Պարոն գիտնական, կըսէ աղջիկը, մօրս կողմանէ կուգամ խնդրել ձենէ քիչ մը կրակ, որպէս զի մեր կրակարանը արծարծենք:
—Սիրով կուտամ, սիրելի զաւակս, բայց կրակը դնելու աման մը ունի՞ս:
—Ահա ձեռքս, կըսէ աղջիկը:
—Բայց ձեռքերդ կայրի:
—Ո՛հ, ո՛չ:
—Բայց ի՞նչպէս կրնայ լինել:
—Տեսէ՛ք, այսպէս կընեմ եւ ամենեւին վտանգ չկայ, ըսաւ աղջիկն, կրակարանին առջեւ ծռելով ձեռաց ափին մէջ մոխիր լեցուց եւ վրան մէկ քանի վառ ածուխ