Էջ:Կաղանդչէք առ մանկտին.pdf/37

Այս էջը հաստատված է

— 37 —

ԱՆՄԵՂ ԶԲՕՍԱՆՔ

Փոքրիկն Բուրմինէ սովորութիւն ունէր ամառ իրիկուններ վարժարանէն տուն վերադարձին պարտէզ երթալ եւ օրուելով՝ իւր հրեշտակային ձայնիւը երգել հետեւեալը, զոր մայրիկը իրեն սովրեցուցած էր,

ԱՌ ԶԵՓԻՒՌՆ

Դու փափկաթեւ մանկիկ զեփիւռ,
Յաղբերց վրայէն լուսակարկաջ
Անոյշ հոտով ծաղկանց սփիւռ
Ի՜նչպէս թռիս ինձ ընդ առաջ.
Ու բոյր եւ զով ընծայելով
Զիս կ՚ողջունես հեզիկ շնչով:

Ո՛հ, կըսիրեմ զքեզ, հո՛ղմիկ,
Երբ կը փութաս ինծի գալու,
Ի պար ՚ի թռիչ, ՚ի սոյլ մեղմիկ
Այրած ճակտիս իմ այցելելու.
Ծաղիկ հոգւոյս քեւ զովացած,
Ծիլ ծիլ բացուի ՚ի յոյս կենաց: