Էջ:Կաղանդչէք առ մանկտին.pdf/9

Այս էջը հաստատված է

— 7 —

ՀԱՆԵԼՈՒԿ

Կաղանդին իրիկունը հայրիկ մը իւր զաւակներուն առաջարկեց հետեւեալ հանելուկը, խոստանալով լուծողին խոշոր նարինջ մը տալ։

Նոր ժամացոյց մը տեսի
Ոչ զանկ ունի ոչ անիւ,
Տղայն յուսով կը նայի,
Ծերն ցաւով երկիւղիւ։


Տղայք.—Հայրի՛կ, կուտուի՞ մի չուտուիր,— հարցուցին միաձայն.

—Չուտուիր,

—Մեր տունին մէջ կա՞յ արդեօք,

—Այո՛, նոր եկաւ.

—Կաղանդին մի՞րգը,

—Չեղաւ, չուտուիր ըսինք.

—Հայրիկ, կաղաչեմ, ըսէ, իմին նարանջս քեզի կուտամ.

Հայրիկը անոր հետաքրքրութիւնը գոհացուց, ըսելով, ՕՐԱՑՈՅՑ է։