Էջ:Կեանքիս վէպը, Թորոս Թորանեան.djvu/3

Այս էջը սրբագրված է

ՄՈՒՏՔ Շաբաթներէ ի վեր կը մտածէի վէպ մը գրելու մասին, կը խորհէի, թէ կեանքս ապրոսսծ վէպ մըն է։ Որո՞ւն պատմէի այդ կեանքը, որ վէպի մը ձետվ ներկայացնէր զայն։ Վերջապէս գտայ, թէյարմարագոյն մարդը, որ այդ կեանքը կրնար ներկայացնել՝ Թորոս որդի Խաչերի Թորանեանն էր։ Ուստի այդ վէպը գրելը անոր յանձնեցի։ Ինչպէս Թորոսին մայրը՝ Վարդուհին կ՚ըսէր, իր աւագ այս զաւակը ծնած էր Հալէպի մէջ, 1928-ի երկրորդ ամսուան վերջին օրը՝ 29 փետրուարին։