Էջ:Կեանքիս վէպը, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Այս էջը սրբագրված է

Կեասքիս վէպը (քաղոցի երկաթգիծին վքւայ շարէինք այդ գամերը եւ թրամուէյները անոնց վրայէն անցնելով սոտերու վերածէին զանոնք ու մենք իրա¬ րու հետ սուրի խաղ խաղայինք երկու խումբի բաժնուելով՝ թուրք եւ հայ։ Թուրք խումբը նեղուած կ՛ըլլար, այդ խաղը բախտախաղով կ՚որոշաէր - եազը մը, թորա մը, այսինքն՝ ով որ թորա ուզէր եւ ին– կող դրամը եագըի կողմը գար, իր խումբը թուրքը կը ներկայացնէր... Գէթ այս խաղին, յաղթողները հայերս կ՛ըլլայինք։ Իշամեղուի խաղը նոյնպէս մեր սիրած խաղն էր։ Սիկարէթի հաս– տաթուղթով իշամեղու մը բռնելով մէջքէն ասեղ մը կ՚անցընէինք ու զոյգ կողմէն հաւարայի վրայ զետեղելով ասեղին երկու ծայրերը, մեղուին բզզոցը եւ դառնալը դիտելով կը բացագանչէինք.– տէյրմէն տէօնտիւ - աղօրիքը կը դառնայ... Մեզի համար կարետրը մեր խաղերն էին, բացօթեայ, առանց հսկիչի... Ուրիշ խաղեր ալ ունէինք, քարէ գնդիկի, վէգի, հոլի, թռուցիկի, որուն թելերը մերթ կ՚ոլորուէին ելեկտրալարերու վրայ ու մեզի դժգոհութիւն կը պատճառէին։ Ինչ պէտք ունէինք մեզի ոչինչ ըսող Ա.Բ.Գ.Դ.–ին... Հալէպի մէջ այդ թիթեղաշէն քէմփերը փլել սկսան։ Պետական հրաման էր։ Մեսրոպեան վարժարանը տակաւին կը շարունակուէր։ Կը սիրէինք դպրոցին զբօսանքի պահերը, որոնք 15 վայրկեան կը տեւէին։ Ատիկա մեր վազվզելու եւ ջուր խմելու պահն էր։ Շարքի կը կենայինք բացոտղ-գոցոտղ բաժակներով ու հորի ջուր կը բաժնէր մեզի Փայասլեան անուն մարաշցի հայ մը։ Այդ պաղ ջուրին մէջ մեզմէ բացի ամէն ինչ կար յարուցելու հիւանդութիւններ, բայց ախորժակով խմելէ ետք բաժակ մը ջուրը, կը վազէինք շարքին վերի ծայրը բաժակ մը եւս խմելու համար՝ բարձրացնելով ջուր մատուցող հսկիչին զայրոյթը.– Շան լակոտ, քիչ առաջ խմեցիր, չէ՞... Զանգը կը տրուէր, պէտք էր շարուէինք ու դասարանները մտնէ– ինք. առիթը օգտագործելով կը ւիախչէինք դպրոցէն՝ կարճ զբօսան– քը շարունակելու համար։ 7