Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/100

Այս էջը հաստատված է

պատմեմ դուք ալ մտիկ ըրէք: Այս պատմութիւնը անցեալ տարի լարի լուսահոգի մեծ—հայրս պատմած էր ինծի: Փայտահատ մը կ՚ապրի եղեր, կարծեմ Զէյթունի մէջ: Այս փայտահատը երկար տարիներ աշխատելէ ետք օր մըն ալ կի ծևրանայ, ինչպէս ամէն մարդ կը ծերանայ, ամէն բան կր ծերանայ, հասուն տղաներ կ՚ունենայ, ասոնք ալ մէյմէկ հուժկու փայտահատներ կ՚ըլլան. օր մը տղաներէն մէկը կ՚ըսէ, հայր, ալ անտառ մի՜ գար մեզի հետ, դժուար է քեզի համար, մենք կ՚աշխատինք, դուն հանգիստ ըրէ: Մեծ տղան կ՚ըլլայ այս խօսողը:

Միջնեկն ալ մեծին կը ձայնակցի:

Հօր աչքերը կը լեցուին, կարծես լալու կը պատրաստուի, իր սիրասուն անտառները ալ պիտի չտեսնէր, ալ փայտի տեսակները ինք պիտի չընտրէր, ալ վայրի պտուղ պիտի չհաւաքէր, ալ գազաններու դէմ պիտի չմաքառէր: Այս վայրկեանին ամբողջ կենաք մը կ՚անցնի ծերուկին աչքերուն առջեւէն:

Փոքր տղան կը զգայ հօրը վիճակը եւ՝

—Հայրի՛կ, դուն միշտ ալ եկուր մեզի հետ, եկուր, դուն դարձեալ օգտակար կ՚ըլլաս բոլորիս, կրնա՛ս:

—Ալ ոյժ չունի,— կ՚ըսէ մեծը,— ինչպէ՛ս օգտակար պիտի ըլլայ:

—Չե՞ս մեղքնար մեր հօրը,— կ՚ըսէ միջնեկը:

—Օգտակար կ՚ըլլայ: Մենք երբ փայտ կոտրենք, մեր տապարի ամէն հարուածին ժամանակ երբ հայրիկը ը՛հհը՝ մըն է. ակումբ կ՚երթանք, գրական, երաժշտական երեկները կը կազմակերպենք, կ՚աշխատինք հայկական մթնոլորտ մը ստեղծել թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներու համար: Ասիկա ձեզի ցա՞ւ պէտք է պատճառէ թէ ուրախութիւն: Ֆետայիներու նման զենքը մեր ուսին լեռ չենք բարձրացած, ձիւնին ու բուքին, գայլերու ու ու Թիւքերու դէմ կռիւ չենք մղած, մեր ըրածը ը՛հհը՛ մը ընէ, այդ ալ ոյժ կու տայ մեր բազուկներուն: Մեր հայրիկին ը՛հհը՛ն ալ կը բաւէ մեզի:

Հայրիկը կը փաթթուի փոքր տղուն վիզին…

Իմ ըրածս ալ ը՚հհը՛ մըն է. ակումբ կ՚երթանք, զրական, երաժշտական երեկոներ կը կազմակերպենք, կ՚աշխատինք հայկական մթնոլորտ մը ստեղծե; թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներու համար: Ասիկա ձեզի ցա՞ւ պէտք է պատճառէ թէ ուրախութիւն: Ֆետայիներու նման զէնքը մեր ուսին լեռ չենք բարձրացած, ձիւնին ու բուքին, գայլերու ու Թիւրքերու դէմ կռիւ չենք մղած, մեր ըրածը ը՛հհը՛ մըն է, ատ ալ չէք ուզեր որ ընենք:

Քիչ ետք, էրիկ—կնիկ անկողինին մէջ կը փսփսային.— Ճիշդ է չոճուխին ըսածը, ո՛չ խմել ունի, ո՛չ ծխել, գացած տեղը ակումբն է, յայտնի է: Այսքան վազելն ալ ը՝հհը՝ մըն է եղեր վայ Տիգրանս, վայ, աղուո՝ր տղաս, մաման քեզի ղուրպան:

—Իմ տղաս է, ի՛մ, ծառը քաշէ արմատին նայէ ալ լաց ու կոծ չձգես. տեսա՞ր ինչ գաս տուաւ մեզի: