Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/101

Այս էջը հաստատված է

ԹԱՏՐՈՆ

—Ի՞նչ, ի՛նչ ըսիր: Թատրոնը իր դարը ապրած է այլե՞ւս: Այսինքն՝ թատրոնը իր զարգացումը պիտի չունենա՞յ: Նախ ըսեմ թէ ծնած ամէն արուեստ անպայմա՛ն կ՚ունենայ իր մակնթացութիւններն ու տեղտարաթիւնները, իր ծիածանի եօթ տեսարանի եւ անտեսանել գոյները: Այսօր բարձր է, մեծ,առինքնող, զանգուածներու սիրտին խօսող, պարզ, հասկանալի: Ուրիշ օրմը բարդ է, առեղծուածային, քիչերուն հասկանալի: Ալ չեմ խօսիր այն մասին որ արուեստը երկնողը ինքը իր կենդանութեան եթէ երբեմն Նոպէլեան մրցանակաւոր է, ապա շատ անգամ մոռցուած, օրուան հացի կարօ՜տ:

Փիքասոյ մըկրնայ խնդալ աշխարհի վրայ, բայց իր մոգական ոյժով իր ետեւէն տանիլ քանի մը սերունդ:Ոմանք անոր մէջ մայն գաղափարմը կը միայն խաղզղութեան աղաւնի մը ուրիշներ գիծերու նրբութիւն, տակաւին ուրիշները կ՚երկրպադեն գոյներուն, որոնք Փիքասոյինը եղան անոր կապոյտ շրջանին եւ այլ շրջաններուն:

Ամերիկան Արշի Կորքի մը կու տայհա՝յ արիւնէն, որ քիչ մը իր ցեղին ձայնը, գիծը, գոյնը: Այստեղ ձեւաղեղծուած է շատ բան. ընկալումները ուրիշ են: Միթէ՞ չձեւազեղծեցին իր ազգը, Արշիլը որբ չդարձա՞ւ, մինչեւ որ որդեգրուեցաւ Ամերիկայի կողմէ:

Նկարեց Արշիլ Կորքին, նկարեց բայց չկրցաւ մոռնալ թէ ինք որդեգիր մըն է, անիրաւուած մըն է, որբ մըն է: Իրը պոռթկումն էր, իր ցեղին աղաղակը, ճշմարտութիւն հայցողը… ու, ի վերջոյ չկրացաւ տանիլ այս անարդար կեանքը, վերջ տուաւ իր կեանքին, գոյներու եւ գիծերու իմացապաշտ ու յաղթական վարպետը, պարտուեցաւ կեանքէն, իր ետին ձգելով աղաղակ մը, կանչ մը. —Մարդակե՜ր, պահեցէ՛ք բնութիւնը, բնութեան գոյները, մի՛ եղեծանէք լոյսը…:

Ամէն գար ունի իր ելեւէջքները: Յաղթանակ մը յաղթանակ մը կ՚ունենայ եւ ոգեւորութեան գարուն ու ամառ կը բերէ իր հետ: Պարտութիւններ ալ կ՚արձանագրուին դարերու տարեգրութիւններուն մէջ. պարտութիւնները մահ չեն:

Նկատի ունեցիր թէ նոյնիսկ մարդկային կեանքը կ՚արձանագրէ այսօր մանկական մահացութեան տոկոսային մեծ նուազում: Այսինքն մանուկը որ եկած է աշխարհ, իրմուվ գարուն բերած