Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/102

Այս էջը հաստատված է

աշխարհին, կ՚ունենայ իր ամառը, աշունը, նոր միայն ձմեռը: Ձմեռ, որ մահ չէ, այլ վերածնունդի պատրաստութիւն. այդպէս:

Հապա ինչպէ՜ս արուեստի մասին խօսելու ժամանակ, նոյնիսկ մեծ մտաւորականներ, անուանի գրագէտներ կը կաղապարեն մտածումներ որոնք չեն կրնար դիմանալ իրականութեան կարծրութեան:

Միտք մը օրինակ, որ կը յեղյեղուի մամուլի եւ մենագրութիւններու էջերէն — շարժանկարի այս արագընթաց զարգացումին դիմաց թատրոնը խամրեցաւ, ու աւելի եւս պիտի խամրի հետզհետէ, այլ խօսքով՝ «Ի ծագել արեգական կորնչին աստղեք». ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ: Չեմ գիտեր մարդուն յառաջացման ճշգրիտ թուականը, մարդ էակին անշունչ հիւլէէն շնչաւորման ընթացքը, բայց գիտեմ թէ հազարամեակներէ ի վեր, այն օրէն ի վեր երբ միաբջիջ կազմաւորում մը դարձաւ կենդանի փաստ, հետզհետէ կենդանի փաստ դարձաւ նաև բազմաբջիջ գոյ մը, ապա չեմգիտեր քանի՜ դար յետոյ ներկայի մեր դարաչափով, եկաւ մարդը: Ծնաւ ու կը շարունակուի: Ծնաւ ու տեսաւ իր շուրջ բնութիւնը, այն միակ իրականութիւնը զոր պէտք է կոչել բարձրագոյն մակդիրով՝ հրաշք:

Ծնաւ շարունակուելու համար: Ծնաւ որպէսզի հաստատէ կեանքը, ու միայն կեանքը, հերքէ՛ մահը: Այդ օրէն ի վեր մահը, որ կը թուի առեղծուած ըլլայ, հերքուած է: Սերնդագործումը հերքած է մահը: Ու ահա նոյն այդ մարդը, բնութեան մեծ հրաշքին մէջ ու այս մեծ հրաշքին դիմաց՝ բռնած է հայելի իր փշուր հրաշքը ստեղծելու: Ինչ ալ ստեղծէ, փշուր է, բայց ճնճղուկը գոհ է անգամ փշրանքէն, մարդը՝ ո՛չ, գոհ չէ. պիտի ստեղծէ աւելին, միշտ աւելին, միշտ պիտի կրկնապատկէ եռապատկէ իր ոյժերը, պիտի օգտագործէ իր ոյժերու քառակուսին, խորանարդը, ծիր կաթինը ճամբորդի գաւազան մը պիտի ըլլայ իր ձեռքերուն մէջ, բայց ինչ ալ ընէ, ինչ աստզեր ալ ծնի միգամածութիւններու մէջէն, որքա՜ն ալ իր ուղեղին ծալքերը արձանագրեն գաղտնասացութիւնները պիտի ըլլան փշուր, թէեւ ադամանդի նման փայլուն:

Միշտ գտանելի մը պիտի մնայ մարդուն համար, անծանօթ մը, փնտռելի մը, ձգտելի մը, ատոր համար կեանքը պիտի շարունակուի: Ու այնքան ատեն որ կեանքը շարունակուի, պիտի շարունակուի թատրոնը ոչ թէ հակադրուելով շարժանկարին, այլ օգնելով անոր, միշտ օգնելով: Շարժանկարն ալ մարդուն ստեղծած փշուրն է. մարդը զայն պիտի զարգացնէ, ծառայեցնէ իրեն: