Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/104

Այս էջը հաստատված է

երեսիս նայեցաւ հաստատական ու բարձր ձայնով, անշուշտ արաբերէնով, ըսաւ. Ձե՜ր ուզածը ըլլայ, պատուակա՚ն շէյխ, դուք սուղ էք մեզի համար. ես ձախող թարգմանութիւն մը ըրի, դուն լա՚ւ թարգմանէ .- էնթէ ղալի ալէյնէ: Գացի՚նք:

Նկարելիքս որ ցոյց տուաւ շէյխի, ես... սահմռկեցայ: Մէյ մը նկարելիք նիւթիս կը նայէի, մէյ մը՝ շէյխին երեսին:

Եթե չես հաւատար ըսաւ շէյխը, մօտեցիր, ձա՚յն տուր, շոշափէ՜, հաստատէ, իրականութիւնը եւ յետոյ միայն նկարէ:

Ձեռքերս դողալ սկսան, սիրտս արագ-արագ սկսաւ զարնել: Տէ՜ր Աստուած արդեօք տեսի՞լք էր թէ իրականութիւն:

— Շու՚տ վերջացուր, եղբա՜յր, իմ ալ սիրտս հատուցիր. ըսէ՜ , լմննանք. ի՞նչ էր նկարածդ:

— Ես աժան բան չեմ պատմեր, եւ քեզմէ դրամ չեմ ուզեր պատմածիս համար, բայց բան մը պիտի վաճարես չէ՞ . ժամանակ պիտի վճարես:

—Լա՚ւ, լա՚ւ, պատմէ՜, նայինք:

— Նկարելիքս վանդակ մըն էր, բայց անսովոր, խոշո՜ր վանդակ մը. նկարեցի, բայցայս վվայրկեանիս ալ կը դժուարտնամ հաւատալ նկարածիս: Վանդա՚կ, բայց ի՜նչ վանդակ... վանդակին մէջ բարի դրացնութեամբ մը, ըստ ճշմարտախօս շէյխին պատմածին, երկա՜ր ատենէ ի վեր միասնարար կ՚ապրէին... մուկ մը, կատու մը եւ աղաւնի մը:

Հիմա ալ չեմ հաւատար. բայց նկարեցի, ե՚ս նկարեցի, սա՚ ձեռքերովս նկարեցի մո՚ւկը, կատո՚ւն եւ աղաւնին, ոչ թէ առանձին-առանձին, այլ իրարու հետ, միասնաբար, միեւնո՚յն վանդակին մէջ, ուր միասին ապրած էին եւ կապրէին: նկարելէս ետք, այդ պատկերը մինչեւ իմ Հալէպ գալս կախած էի Արշակին խանութի մէջ ու եկող-գացողներուն կը պատմէի շէյխին սխրագործութիւնը, որ այս Լակնելուն սերվեցուցած էր քով-քովի ապրիլ:

Գալէս ետք ի՚նչ եղաւ, չեմ գիտեր:

Մեկ բան գիտեմ եւ հաստատ գիտեմ, քանի որ աչքերովս տեսայ, սա՚ ձեռքերովս նկարեցի, թէ մուկը, կատուն եւ աղաւնին կրնան իրարու հետ ապրիլ մէկ յարկի տակ:

Բայց կ՚ուզեմ գիտնալ, մեռնէլս առաջ կ՚ուզեմ իմանալ թէ մարդը իմ նմանին հետ պիտի կարենա՞յ օր մը այդպէս բարի դրացնութեամբ ապրիլ, թո՚ղ գիտնամ ու հանգիստ սրտով իջնեմ գերեզման,- եզրակացույց լուսանկարիչ բարեկամս՝ Աւետիս: