Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/105

Այս էջը հաստատված է

ԿՕՇԻԿ ՆԵՐԿՈՂ ՏՂԵԿԸ

Դամասկոս: Խորհդարանի պողոտայ: Միսաքին հետ փոքր պտոյտ մը կը կատարենք ձմեռնային արեւին տակ որ կարծես կը մսի կապոյտ գմբէթին չիչդ կեդրոնը միս—մինակ:

Ընելիք չունինք:

— Կոշիկնիս ներկել տանք:

— Հանդիպած ներկարարին:

Անկիւնը, իր 16—17—ին մէջ տղայ մը կայ աղուամազով, սեւամած դէմքով, որ կը ժպտի, դեղնած ատամները ցոյց կու տայ ու հրամմեցէք կ՚ըսէ, հրամմեցէք պարոններ, ներկեմ ձեր կօշիկները, սքանչելի կը ներկեմ, արեւի պէս կը փայլեցնեմ, գոհ կը մնանք:

—Անշուշտ ոչ այս Դեկտեմբերեան արեւին պէս:

Աւելի կը լայննայ ներկարարին ժպիտը, բերնին աջ ու ձախ անկիւնները ականջներուն կը հասնին: Գործի սկսելու շարժումներ կ՝ընէ:

—Լալ տղայ կ՚երեւի, ասոր մօտ ներկել տանք մեր կոշիկները:


—Լալ:

Մինչ Միսակին աջ կօշիկը յարձակումի ենթարկուած է պատնի ներկարարին կողմէ, ես կը մտածեմ այն բոլոր քաղաքներուն մասին. ուր կոշիկս ներկել տուած եմ: Պոլոսոյ Թաքսիմին հրապարակը կը յիշեմ, ուր իրարու ձեռքէ կարծես յաճախորդ կը յափշտակէին փոքր, նորաբոյս ներկարար տղաք: Վանի փոքր ներկարարը կը յիշեմ, այն թուրք տղեկը, որ կու լար, իր կողքին կանգնած ընկերը կ՚ուրանար փող դրուած հինգ լիրան: Երեւանի մէջ, Թումանյան - Աբովեան խաչմերուկին վրայ, «Սկիւռիկ» թէյարանի կողքին աշխատող արդէն տարիքոտ ներկարարը կը յիչեմ, որ ներգաղթած էր Յունաստանէն, եւ որ կը ներկէր կօշիկներս ու ամեն անգամ գաղթականի իր անցեալ կյանքեն կը պատմէր. ու այսպես շատ մը ներկարաներ կը յիշեմ քիչ մը ամէն երկրէ, ոմանք փողոցին անկիւններուն պպզած, ուրիշների կանոնաւոր խանութներու մէջ: Այս վերջինները, երբ ներս կը մտնես, ժուռնալ կամ օրաթերթ մը կը հրամցնեմ քեզի որ զբաղիս, մինչ իրենք կը փորձեն խոզանակին ոյժը կօշիկներուդ վրայ:

Զարմանալի՜ է, կը մտածէի, մարդկային ուղեղը. մեկ վայրկեանի մէջ մարդ ի՜նչպես կը շրջի աշխարհը, ի՚նչպես տասնեակ