Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/109

Այս էջը հաստատված է

ՇԱՐԺԱՎԱՐԸ ԵԻ…

Քսան տարի շոֆեռութիւն ըրի բայց մէկ օրուան մէջ որոշեցի ձգել այս արհեստը: Դժգոհ չէի: Վարժուած էի չարքաշ այս կեանքին: Քսան տարի չափած եմ անապատներու ճամբան, վերջին տարին թրելլա մը կը բանեցնէի, գիտէք, 16 անիւով վիթխարի քամիոն մը: Կնոջս աղաչանքները՝

—Քա՛ մարդ, գործդ փոխէ, սանկ տունդ—տեղդ գիտցիր, կէսօրդ—իրիկունդ գիտցիր այս շոֆեռութիւնը ամուրի մարդու գործ է: Սանկ տաք կերակուր մը կ՚ուտես, չոճուխներուդ երեսը կը տեսնես: Շաբաթով կը բացակայիս: Արդէն երրորդ երախան ալ մեծնալու սկսաւ: Կարծես երեք որբ կը մեծցնեմ, հօր երես տեսած չունին:

Այս ծանր խօսքերը չէի կլլեր անշուշտ, լաւ մը կը պոռայի կնոջս վրան:

Բայց օր մը մէկ վայրկեանի մէջ որոշեցի թողուլ սիրած արհեստս եւ վազ անցայ ճամբաները չափելէն:

Պատճառը Ասլանն էր:

Ասլան որ կ՚ըսեմ առիւծ չհասկանաս: Նիհար, անօթի աղուէսի նման մէկը, որ ձմեռային իր հագուստներովը միասին հազիւ կը կշռէ քառասուն քիլոյ:

Օր մը Ճեզիրէէն եկած եմ Հալէպ: Թրելլաս իւղ կ՚ուզէ: Առանց իւղոտելու ճամբայ իյնալը վտանգաւոր է: Կը փնտռեմ մէկը, չեմ գտներ: Բարեկամներ ըսին ինծի թէ Ք. թաղամասի մէջ Ասլան մը կայ, օթոներ իւղելու գործով կը զբաղի: Քշեցի գացի: Հարձուփորձով գտայ տունը:

Դուռը կը զարնեմ: Կին մը կը բանայ դուռը:

—Ասլանին տունը ա՞յս է, քոյրս:

—Այո:

—Զինք տեսնել կ՚ուզեմ:

—Ասլաա՜ա՜ն քեզ մէկը կ՚ուզէ:

—Ինք թող գայ,— կ՚ըլլայ խորունկէն եկող պատասխանը:

Կը մտնեմ խեղճ ու կրակ տուն մը. գետնափոր, Ասլան կոչուածը խսիրի մը վրայ նստած է ծալապատիկ. աջ կողմը տուած է բարձի մը ու օղի կը կոնծէ:

—Բարեւ Ասլան:

—Բարե՛ւ: