Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/11

Այս էջը հաստատված է

Այս որքա՜ն ժողովուրդ, մտածեց Տաւրոս, իսկապէս այս որքա՜ն ժողովուրդ: Որքան կը գնահատէք թիւը այս խմբուած մարդոց: Միթէ կարելի՞ է այգիի մը ողկոյզներուն հատիկները համրել: Տաւրոս կորսնցուց իր ընկերները: Արդէն չէր ալ ճանչնար զանոնք: Երկրորդին անունն իսկ չկրցաւ իմանալ:

Գիւղին հրապարակին վրայ ասեղ ձգելիք տեղ չկար: Հրապարակը կը վերջանար զովաշունչ ավազանով մը, ավազանի կողքին կը բարձրանար Զօրավար Անդրանիկին արձանը, որ ծածկուած էր սպիտակ վիթխարի ծածկոցով. այդ ծածկոցով կարծէք Հայոց Զօավարը իր քրտինքը կը սրբէր:

Արձանին շուրջ պատուոյ պահակ կանգնած էին ծերունի Սասունցիներ, որոնք եղած էին Անդրանիկին զինուորները: Կորաքամակ էին ծերունիները:

Տաւրոս յուզուեցաւ ի տես այս նախկին մարտիկներուն: Այդ ծռած իրաններուն վրայ վեհութիւն մը կար, այդ կկոցուած աչուկներու մէջ արծուային ինչ որ կայծ:

Չէ՞ որ Զօրավարը դարձեալ իրենց հետ էր, եւ քանի՜ տարի վերջ, կարծես դար մը վերջ, կարծես այդ ծերունիները նոր կը վերադառնային Ծովասարի յաղթական կռիւներէն, կարծես Փաշան նոր գրոհի մը հրամանը կը պատրաստուէր արձակել:

Այս որքա՜ն ժողովուրդ,- մտածեց դարձեալ Տաւրոս: Հայաստանի բոլոր կողմերէն մարդիկ կային այնտեղ: Արդէն շուտով գտնուեցան տասնեակ ու տասնեակ ծանօթներ, ուսանողներ, գրողներ, հայրենադարձներ, Սասունցինե՜ր: Այդ արեւոտ օրը Ուջանի մէջ խմբուած էին աշխարհի Սասունցիներուն կէսէն աւելին:

Ե՞րբ պիտի կատարուէր պաշտոնական բացումը: Ովքե՞ր էին կազմակերպողները: Յայտնի չէր: Մէկ բան յայտնի էր միայն որ Անդրանիկը վերադարձած էր Հայաստան, այս անգամ ոչ որպէս ձիաւոր, վերադարձած էր Ուջան գիւղի իր զինուորներուն ձեռքով, իր ֆետայիներուն. ի՜նչ վերադարձ բխած էր հայ հողէն, ժայթքած էր կարծէք կամքով ու բազմութիւնները խելագար կը սպասէին որ սպիտակ սաւանը վար քաշուէր ու երեւնար արծուային հայեացքը Մեծ Զինավարին:

Մարդիկ ողկոյզ-ողկոյզ խմբուած էին: Խօսակցութեան նիւթը Ուջանցիներու նախաձեռնութիւնն էր:

Տաւրոս ծարաւած էր: Ուզեց ջուր խմել: Մտաւ հրապարակէն ոչ շատ հեռու պատահական տուն մը, ջուր խնդրեց: «Քե՜զ մատաղ»