Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/110

Այս էջը հաստատված է

— Շատ կը խնդրեմ, սա օթոս ելլես իւղես քիչ մը. թրելլա է. Ճեզիրէ պիտի երթամ, առանց խզելու չեմ կրնար:

— Ես-ալ չեմ կրնար, իշտէ կը տեսնես, հիմա իմ քէֆիս ատենն է:

— ճանըս, Ասլան, շատ կը խնդրեմ...

— Ծօ, իրաւ խօսք չհասկցողին մէկն ես. ես քէֆս չեմ աւրեր, քու ամբողջ թրելլադ մէկ զրուշի չեմ առներ. հիմա իմ քէֆիս ատենն է, մի՜ խանգարեր...

Դուրս ելայ: Ներս եղած ատենս որոշած էի արդէն թրելլաս վաճառել:

Ծօ, ուրեմն խլէզ մը, Ասլան կոչուող մուկ մը, որուն ամբողջ ունեցածը եթէ ծախես՝ հարիւր ոսկի չի բերեր, պիտի պոռայ երեսիս, ըսէ երեսիս թէ իմ 150.000-ի արժող թրելլաս մէկ ղրոշի չ՚առներ... ծօ, այդ խլլոտը...

Ուրախաողը կինս եղաւ: «Պէտք է երթանք այդ Ասլանին շնորհակալութիւն «յայտնենք, կ՚ըսէ ես իմ լացուս գլուխ չկրցայ ելլել քեզի հետ. այդ մարդը քէզ փրկեց անապատի թափառական կեանքէն: Քեզի սորվեցուց տունիդ ճամբան, քեզ բերաւ երախաներուդ. այդ մարդը իսկական Ասլան է:

ՍՂԵՐԴՑԻ ՀԱՅԸ

Սուրբ Յակոբի գիշերը: Սեղան: Սեղանին վրայ գինի, քոնեաք, հայաստաենեան քոնեաք, զոր թուրիսթ մը բերած է երկրէն, ուիսքի, խմորեղէններ, պտուղ, համադամ կերակուրներ:

Սեղանին շուրջ չորս սերունդէ մարդիկ, աղջիկ ու տղայ: Ժպտուն սեղան, գոյնզգոյն ժպիտներով մարդիկ:

Ու………երգեր, հայաստանեան երգեր, հայկական երգեր:

Ու…… կենացներ, սուրբ Յակոբին կենացը:

Ու…… ճառեր, հայ մնալու համար խօսուած ճառեր, այդ գիշեր չորս սերունդ ծունկ-ծնկի նստած կը ճառեն:

Սովորական երեւոյթ Արևւելքի Հայերուն համար:

Ահա է՛ն տարէցը ներկաներէն, սղերդցի հայ մը,կ՚ելլէ ոտքի ու բաժակ կ՚առաջարկէ Անդրանիկի կենացը:

Ո՞ր Հայը չի խմեր Անդրանիկի կենացը: Բոլորս ալ, մեծ, պզտիկ, յոտնկայս կը խմենք: