Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/112

Այս էջը հաստատված է

այսինքն միայն ե՛ս չէի ուղեր, ե՛ս չուզեցի կոլ ընել, ծօ, անաստուածներ, չէ՞ որ ամենէն առաջ ե՛ս կ՚ուզէի ընել այդ կոլը, չէ՞ որ անունովս պիտի նշանակուէր այդ կոլը:

Այսինքն, այսքան վայրենի ժողովուռդ…

ժամերով կրնաք ծափահարել, եւ շարունակ ցեխի մէջ կրնաք կոխել նոյն ձեր սիրած մարդը: Այսինքն փորձանք է ձեզի հետ գործ ունենալ:

Առաւ քալեց:

Նոր վէճ մը սկսաւ այս անգամ Ժողովուրդին մէջ:

Այդ վէճին անունը թեր ու դէմ էր:

ՓԻԼԻՍՈԱՅՈՒԹՅՈՒՆ

—Համեստութիւնը դաշտավայր է, բերրի, ծաղկաշատ, պտղառատ:

Հպարտութիւնը լեռնապատ է, արծուի կտուց, որ վէրէն կը դիտէ համեստութիւնը եւ ատեն-ատեն կ՚ուզէ կտցահարել զայն:

Խելա՛ր հպարտութիւն, չեմ ըսեր թէ գանձեր չունիս, ունի՛ս, բայց այդ գանձերդ դէպի դաշտ կը հոսին որպէս աղբիւր, որպէս հող:

— Ուրեմն, դաշտին լեռն է պետք: Ձեր ըսածէն ելլելով դաշտը առանց լերան ալ առանց դաշտի չեն կրնար ապրիլ:

Ուրեմն եթէ չրլլայ ցաւը, չենք իմանար ուրախութեան արժէքը:

Ուրեմն, երբ բնութիւնը ամէն քայլափոխի լեցուն է հակասութիւններու, ու մենք ալ, մարդերս այս բնութեան արտայայտութիւններէն մէկը, բնական պիտի գտնենք կեանքն ու մահը, լեռն ու դաշտը, հպարտութիւնն ու համեստութիւնը:

— Հողեմ գլուխը հպարտութեան:

— Գնա՛ շարունակէ այդ կռիւը, առանց կռիւի, առանց կռիւի կեանք չկայ, բնութիւն ալ չկայ:

Քու կռիւդ ալ բնական է, քու «հողեմ»դ ալ գեղեցիկ:

ՄԱՅՐ ՈՒ ԱՂՋԻԿ

— Ազատուհի, ինչո՞ւ չամուսնացար:

— Յարմար մէկը չներկայացաւ: Մնացի մօրս հետ առանձին:

Ահա շուտով տաս տարի պիտի ընէ, որ մայրս գամուած կը մնայ