Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/113

Այս էջը հաստատված է

անկողին: Ես իր բժիշկը եղայ եւ հիւանդապահուհին: Սկիզբները բժիշկ բերել կու տայի. վերջը, անոնցմէ մէկը ըսաւ թէ մօրս հիւանդութինը, միակողմանի անդամալուծութիւնը անբժելի է, պարապ տեղը դրամ չտամ բժիշկներուն. այդ օրէն ասդին նուիրած եմ մօրս: Թէ՛ կ՚ աշխատիմ, թէ՛ զինք կը խնամեմ: Այնքա՛ն օրհնութիւններ, այնքա՛ն օրհնութիւներ տուծ է ինծի, այնքան աղօթած է ու կ՚աղօթէ՛ ինծի համար, որ եթէ մէկ հարիւրերորդ իրականութիւն դառնան իր ըսածները, ես պէտք է ապրիմ երանութեան մէջ: Մոռցած եմ կեանքը, մոռցած եմ ամէն ինչ. կը կարծեմ թէ աշխահը սկիզբէն այսպէս ստեղծուած է. այսինքն հիւանդ մայրը մը ու իր աղջիկը կան: Հհւանդը պէտք է կեղտոտէ իր շուրջբոլորը ու աղջիկը մաքրէ. ու այսպէս յաւիտեան: Չեմ ուզեր որ մօրս կեանքը վերջ գտնէ. օ՜, ոչ, չեմ ուզեր: Կը խենթենամ ես այն ատեն: Թող մայրս ապրի, ապրի, հիւանդ թող ապրի, միայն ապրի: իսկ եթէ ... մեռնի, ի՞նչ, ի՞նչ ըսի. ինչպէս լեզուս չբռնուեցաւ... եթէ այդ չոր անակնկալը պատահի, ես ի՞նչ պիտի ընեմ. տան պատերո՞ւն հետ խօսիմ. օ՜, ոչ, ահաւոր է, ահաւոր: Մայրս այսպէս թող մնայ, միայն թէ ապրի: Տունս միայն իրմով լեցուած է, իրմով լեցուած է: Ինք որ երթայ, խաւարով կը լեցուի տունս. իր բացակայութիւնը խաւարն է, իր ներկայութիւնը լոյսն է. լոյսը, մայրս:

—Մայր, ընկերս է, ճանաչցա՞ր:

—Ուրտեղէն ճանչնամ, անբա՛խտ եաւրուս, աչքերս ալ չեն տեսներ որ...

—Մայր, իմ մայրիկս, մեր տան լոյս մայրիկս:

ՀԱՅՐ ՈՒ ՏՂԱՅ

ներով: Մարդ կը շուարի ի՜նչ առնէ. շլացուցիչ են գոյները մանաւանդ: Տիգրանն ալ իր զաւկին հետ իջած է շուկայ: Տղեկը ինը տարեկան է: Աղջնակը աւել փոքր է, տունն է մնացեր: Այս ընտանիքն, ալ պէտք է դիմաւորէ Նոր Տարին: Այդ ալ խօ՞սք է, ամէն ընտանիք աշխարհի ո՛ր ծայրին ալ գտնուի, պէտք է դիմաւորէ Նոր Տարին: Ու Նոր Տարին դիմավորել ամենէն առաջ կը նշանակէ զգեստաւորուիլ նոր հագուստներով, նոր կօշիկով: Մանաւանդ նո՛ր կօշիկով: Նոր կօշիկը նոր ոյժ կու տայ մարդու: Մեծ թէ պզտիկ աւելին ինքնավստահ կհ քալեն: Նոր շեշտ մը կայ խօսքիդ մէջ, մտածումդ խթանուած է աւէլի նոր շորերու եւ կօշիկի մէջ. ճամբաները կը կրճատուին նոր կօշիկով. մէկ խօսքով նորը հրաշազօր է: