Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/117

Այս էջը հաստատված է

հազարամեայ որոնումներուն գալիք արդիւնքին, մարդուն աշխատանքին, մարդուն հաւատքին կը հաւատամ:

Ու շարունակեց իր գործը:

Քիմիագէտ էր: Ինծի անհասկնալի փորձեր կը կատարէր:

ՊԱՅՈՒՍԱԿ ՄԸ ՈՒՆԻ՞Ք

Դեկտեմբերի վերջին օրն է: Երբ ծանօթի մը հանդիպիս նոյն միտքերու կրկնութիւնը կը լսես.

— Տարի մըն ալ անցավ մեր կեանքէն, տարի մըն ալ գլտորեցինք, տարի մըն ալ գլտորեցանք դէպի փոսը..., լաւ Նոր Տարի մը կը մաղթեմ...

Որոշած եմ երթալ բարեկամիս մօտ: Զօհրապը ուրախ տղայ է: Նոր Տարին իր ամենէն մեծ տօնն է: Կը սիրէ կատակելը, պզտիկներուն համար անակնկալ նուէրներ ընելը: Շաբաթներ առաջ կը շտկէ տօնածառը, լոյսերով կը զարդարէ, չի մոռնար Քրիստոսի ծնուդը ներկայացնող մսուր մըն ալ զետեղել կաղանդի ծառին տակ:

Բայց ահա պառկած է հիվանդանոցի մը թիւ 7 սենեակին մէջ:

Բժիշկները մէկ քանի օր առաջ հաստատեցին սրտամկանի ինֆարկդ ախտաճանաչումը: Առ նուազն մէկ ամիս տեղէն պետք չէ շարժի: Իսկական փորձանք:

— Ասկէ վերջ ինչպես պիտի ապրիմ առանց ծխելու, առանց խմելու: Միտքս պէտք է փոխեմ, դառնամ քարոզիչ ու քանի որ ես զրկուած եմ, ուրիշներն ալ փորձեմ զրկել խմելու եւ ծխելու հաճոյքէն:

Կը խօսինք, կը կատակենք, թող այս տարուան վերջին օրն ալ այսպես անցնի:

Կողքի սենակը ուրիշ հիվանդ մը կայ: Կաթոլիկ կղերական մըն է: Ծանր է վիճակը: Կին եւ զավակներ չունի որ ողբան իր ետեւէն: Զինք շրջապատողները շատ են, բայց կ՚երեւի թէ իր ծուխերն են:

Դուրս կելլեմ պահ մը:

— Քահանան մոմի պես մարեցաւ:

—Կենաքը մնացողներուն:

— Ուղղակի արքայութիւն գնաց:

— Աստուած տայ: