Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/118

Այս էջը հաստատված է

— Սուրբի պէս մարդ մըն էր:

Խօսակցութիւնները կը շարունակուէին այսպէս շշուկով, երբ ներկաներէն մէկը կըմօտենայ ինծի.

— Դուք կողքին՞ սենեակի հիւանդին համար եկած էք:

— Այո՛:

—Պայուսակ մը կ՚ունենա՞ք:

—Ինչո՞ւ:

— Քահանային համար բերուած չոքոլաները լեցնեմ, յետոյ կը վերադարձնեմ:

— Կը ցաւիմ, չունիմ:

Քիչ յետոյ ուրիշ մը մոըեցաւ նոյն հարցաուվ: Երրորդ մը եւ չորրորդ մը նոյն հարցով մօտեցան եւ ժխտական պատասխանէս գոհ չմնացին:

Հինգերորդ մըն ալ երբ մօտեցավւ, տակաւին բերանը չբացած պայուսակ չունիմ ըսի, եւ քիչ մըն ալ կոպտութիւն դնելով ձայնիս մեջ աւելցոցի դուք այստեղ քահանան սրտապնդելո՞ւհամար եկած էիք թէ ձեր բոլորին աչքերն ալ անոր չոքոլաներուն վրայ էին...

— Բայց պարոն, ինչու այս յարձակոմը իմ վրաս, ես պարզապէս ձեզի պիտի հարցնէի թէ մեր քահանային հոգին ո՞ւր գնաց քիչ առաջ, դ-ո՞խք թէ դրախտ, հանգուցեալը վերին աստիճանի իգամլ մըն էր, կը տեսնես որքան կիներ հաւաքուած են իր շուրջ, մեղա՞յ, մեղայ…

Մարդը իրեն համար դրախտ մը ստեղծած է այստեղ, իսկ ուրիշներուն համար վերին դրախտը քարոզած:

Մեղա՜յ, Աստուա՛ծ, մեղք մի սեպեր տարեվերջի այս խորհրդածութիւններս:


ԱՊՐԻԼ 24՝ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1-ի ՄԷՋ

Վերջապէս Նոր Տարին զարկաւ մեր դուռը: Լոյսերը քիչ մը աւելի կը շողան: Սեղան կայ եւ սեղանին վրայ աւանդական կերակուրներ եւ անուշեղէններ: Կը նայիմ, չեմ ուտեր: Այս սեղանն ալ մեր աւանդութիւններուն մաս կը կազմէ իր չիր ու չամիչով, ընկոյզով, ռուպով պատրաստուած անուշապուրով:

Հիմա, աշխարհի շատ երկրներուն մէջ հայկական սեղաններ կան բացուած: Քանինե՜ր արդեօք կրցած են պահել կերակուրներու աւանդութիւներ: Վստահ եմ ուր որ հին սերունդէն մեծ-մայր մը կայ,