Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Այս էջը հաստատված է

ըսավ ծերունի մայր մը, «ինչո՜ւ ջուր, թազա քաշած թան տամ քեզ»: Տատիկին մօտ երեւցաւ պապիկը: Այս ալ Սասունցի ընտանիք մըն էր, ինչպէս Ուջանցիներու մեծ մասը :«Իմ պապ, իմ գերդաստան կորավ թուրքի ձեռք» ըսավ պապիկը, «զըմմէն» Թուրքը կերաւ: Իմ կին, իմ ճժեր գէլի բաժին, վա՜յ, վա՜յ... փախ-փախ էր, եկանք հասանք Հայաստան: Ասի վրէժ լոուծեմ Թուրքէն, այս է իմ նոր կին, Աստուած պահէ իրան, ինծի տուաւ տեսներկու նոր ճիժ»:

Պապիկը ուրախ-ուրախ կը խնդար, տատիկը նորահարսի պէս երեսը կը ծածկէր:

Ժամէրը կը սահեյին: Ժողովուրդը, սակայն, անհամբերության նշան ցոյց չէր տար: Չէ՞ որ իր մեծ Զորավարին հետ ժամադրութիւն ունէր, չէ՞ որ մեծ Զորավարը պիտի խոսէր այդ օր, իր հողին վերադարձած Զօրավարը,պիտի խօսէր այդ օր, իր հողին վերադարձած Զօրավարը զինուորներուն սիրտին վերադարծաց Զօրավարը:

Առասպելներ կը պատմուէին արձանին պատրաստության շուրջ: Մէկը կ՚ըսէր. — «Այս բոլորէն կառավարութիւնը լուր չունի»: Կողքինը կը բացագանչէր.— «Եա՜, մատս խած, էսքան ժողովուրդ որ հաւաքուել է, ուրեմն կառավարութիւնը լուր չունի: Դու որ այդ խամ գլխով լուր ես ունեցել, եկել հասել ես Ուջան, ուրեմն Սաւետը լուր չի ունեցե՞լ»:

Մէկը կը պատմէր թէ տղերքը ի՚նչպէս յաջողցուցած են քարահանքերու պետէն ստանալ յարմար ժայռազանգուած՝ քանդակելու համար Անդրանիկի անդրին:

Ուրիշ մը կ՚ըսէր թէ երիտասարդ մըն է այս բոլոր կազմակերպողը, որ Ուջանցիներէն դրամ հաւաքելով գործը գլուխ հանած է:

Վերջապէս ամեն մէկը լաւատեղեակի շեշտով կ՚աշխատէր նոր յայտնութիւն մը կատարել:

Սպիտակ շապիկոով, շիկահեր երիտասարդ մը բեմ բարձրացաւ:

Ըստ երեւոյթին բացօթեայ միթինկը կը սկսէր.

—Սիրելի՛ ընկերներ, սիրելի՛ ժողովուրդ Հայոց…

Կ՚ալիքուի բազմութեան ծովը, հրապարակը մակընթացութիւն մը կ՚ապրի դէպի կողքի տուները… ուր որ է այս ալիքին դէմ տուները կրնան փլչիլ, բայց ո՚չ, ալիքը կը քարանայ, երիտասարդն է խօսողը.

— Այս հանդիսաւոր ժամին, Սովետական Հայաստանի պայծառ արեւի տակ բովանդակ հայ ժողովուրդին այցի է եկել բովանդակ Հայութեան Զօրավարը, Անդրանիկ Փաշան: