Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/120

Այս էջը հաստատված է

Յարութինեանը սփիւռքի Հայութեան համար: Կը հնչեն հայրենական երգեր: Կը խօսին Երուա՛նդ Քոչար, Գուրգէն Ջանիբեկեան եւ ուրիշներ:

Կնոջս հայրը ոտքի կ՚ելլէ, ըստ երեւոյթին նստած պիտի չկարենար խօսիլ իր ճառը.

— Լսեցի՞ր, լսեցի՞ր այս բոլորը, ա՛յս երգերը, ա՛յս խոսքերը:

—Անշուշտ լսեցի:

— Տարագրութեան օրերուն եթէ մեզի ըսեին թե օր մը այսպիսի Հայաստան մը պիտի ունենաք, այսպիսի ռատիոկայան, ա՛յսպիսի երգեր, հա՛յ նախագահ, ատկէ աւելի մեծ սուտ կարելի չեր երեւակայել:

Տիգրանակերտի Հայութիւնը ջարդուած էր, քանի մը արհեստաւոր մնացած էինք ամբողջ քաղաքին մէջ, հրաշքով ազատուածներ,մեր բիւր մեռելներուն կորուստին դիմաց տառապելու համար: Օր մը զապիթ մը եկաւ աշխատած խանութս: Ես հնակարկատ էի: Իր զենքին համար կաշիէ աման մը կարելի տալ ուզեց. քիչ մը դժկամակեցայ.— Ծօ՛, — ըսավ,— կեաւուր օղլի, յանցաւորը դուն չես, քեզ ողջ պահողն է: Ուրիշ օր մը ուրիշ զապիթ մը եկաւ թէ` սա դանակս սրէ, այնպէս սրէ որ մէկ զարկով կարենամ քսան Հայու գլուխ թռցնել:

Դուք ի՛նք տեսաք որ, մեր ապրիլը ամէն վայրկեան մեռնիլ էր, մեռնի՛լ:

Հիմա՞ հիմա Երեւանը կը լսենք, մեր նախագահը կը խօսի, նօր երգեր կ՚երգուին: Արժէքը գիտցէք:

Կնոջս մայրն էր այս անգամ.

— Բարի բան մը չես խօսիր, դուն իս ու քու սէֆէրպէրլիկը, գիշեր-ցերեկ կը խուսաս: Ձանձրացուցիր:

—Աղջիկ խեւ իս, ես եօթանասուն հոգիի մէջէն հրաշքով ազատուած եմ թէքթէն, մինա՛կս:

—Քեզ թանգարան պիտի դնիմ:

—Հայ, ապոյշ, Թալաէաթն ալ մեզ թանգարան պիտի դնէր, Գերմանացին ալ, տէ հիմա թող երթան մեզ թանգարան դնեն, տէ թող հայուն հետ գլուխ ելլեն. դոքւն ի՛նչ կը հասկնաս պառա՛ւ:

— Ես պառաւ իմ, դուն՝ ճթյրա՛ն: Ջարդէն զատ բանի մը մասին պատմել չես գիտեր: