Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/125

Այս էջը հաստատված է

Այս մէկն ալ սգաւոր տուն մըն է: Կեանքով լեցուն տղայ մը ունէին: Նոր էր առած երկրորդական վարժարանի վկայականը: Մէկ երազ ունէր - ուսանիլ Երեւանի մեջ - տուած էր դիմումները, պիտի ուսանէր, ընդունուած էր: Դարանակալ մահը զինք զգետնեց ինքնաշարժի մը տակ:

Հայրն ու մայրն են հիմա.

—Ինչպէ՜ս Նոր Տարի նշենք: Նոր Տարին ինո՞ւ կու գայ: Մենք այլեւս ինչո՞ւ կ՚ապրինք այս կրակէ շապիկը հագնելէ ետք:

— Ուրիշ զաւակներ ալ ունիք, թոռնիկներ, անոնց համար:

—Այո, ունինք: Մէկ մասը Գանատա: Ճիշդ է քարի տակ չըլլայ զաւակդ, թող ըլլայ լերան ետին: Բայց ի վերջոյ քեզ սփոփողը, ապրելու ոյժ տուողը մօտդ եղողներն են: Ուր որ երթաք, պատուիրեցէք որ ոչ ոք չերթայ հեռուները, ծովէն անդին, ովկիանոսէն ադին: Թող Սիւրիա—Լիբանան մնան, այստեղ ալ կարելի է ապագայ կերտել:

Երէկ գիշեր, Նոր Տարի դիմաւորեցինք աղջկանս, փեսայիս եւ թոռներուս հետ: Ճիշդ է, ինծի համար Նոր Տարի չկայ, բայց թոռնիկներս եկան զօռով մեզ տարին իրենց տունը: Դուրսս ճերմակ ըրի, բայց ներսս գիշեր էր: Աշխատեցայ զսպել ինքզինքս: Դժուար էր, դժուար, մէկը հողի տակ, միւսը՝ Գանատա: Այս մազերս ջաղացքի մէջ չճերմկցան: Այսքան կարճ կեանք եւ այսքան տառապանք: Յաճախ կը մտածեմ կ՚արժէ՞ ապրիլ այս կեանքը. կ՚արժէ՞ այսքան կարճ ճանապարհ, այսքան տառապանքի դիմաց, ըսէք կ՚արժէ՞:

Բայց ով հարցուց մեր գալուն մասին:

Ով պիտի հարցնէ երթալու մասին:

Ոչ գալն է մեր ձեռքը եւ ոչ ալ երթալը:

Ահ եկաւ Նոր Տարին: Մեր կամքո՞վ եկաւ: Հակառակ մեր կամքով չգալուն, բոլորս ալ կ՚ըսենք՝ Շնորհավոր Նոր Տարի: Ուրիշ ի՛նչ կրնանք ըսել: Մաղթանքներ են, միայն մաղթանքներ. այդ է որ կրնանք, այդ է մեր կարելին:

Է՜հ, տղաս, գլուխդ ցաւցուցի: Ուրախ եմ որ եկար, միշտ եկուր: Բարի եկար, հազար բարի: Թող լաւ տարի ըլլայ, խաղաղ տարի, առողջ տարի: Դարձեալ հրամմէ:

Դուրս ելայ: Օրհնութիւնը արձագանգի պէս կը հետեւէր ինծի ծերունկան շրթներէ: