Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/128

Այս էջը հաստատված է

հաց. եթէ պատահաբար պանիրի գլուխ մը ձեռքերնիս անցնէր, տօն էր, տօ՜ն կ՝ըլլար:

ՈՒ հիմա այս մեր լաճը...ինչ ըսեմ իրեն:

Ծօ՛, տարիներով աշխատեցայ, գիշերը ցերեկին խառնեցի, չորրորդ դասարանէն դուրս եկայ դպրոցէն, ահա շուտով քառասուն տարի պիտի ընէ որ կ՚աշխատիմ: Փա՜ռք Աստուծոյ, տունս-տեղս շտկած եմ: Ամէն ինչ կայ: Բայց ահա այս ցաւը, այս տղուս ծուլութիւնը: Ծօ՚, ի՞նչ չառի քեզի համար: Ելեկտրական կիթառ ուզեցիր՝ առի, քավ-պոյական հագուստներ ուզեցիր՝ առի, ձայնագրող մեքենաներուն տեսակները ուզեցիր, բերի՛. ինչե՜ր չըրի: Իմ ուզածս ալ քեզմէ միայն մէ՛կ բան է. դասերդ սորվիս. այդ ալ քեզի համար է, ինծի համար չէ: Ի՛նչ ընեմ, ի՜նչ ընեմ:

Մարդը մէկ շունչով խօսեցավ այս բոլորը: Եկած էր մօտս կրկին քննուելու. հիւանդս էր:

Այս բոլորը երբ բարեկամի մը կը պատմէի, «դուն ամէն հիվանդ քնելու ժամանակ եթէ այսքան բան մտիկ ընես, տեղ չես հասնիր» ըսավ: «Իմ նպատակս ալ տեղ մը հասնիլ չէ, ըսի, այլ օգտակար ըլլալ՝ կրցածիս չափ»:

Յետոյ, պատասխանեց բարեկամս.

—Այդ հիվանդդ ուրիշ բան չպատմի՞ց:

—Պատմեց, ինչպէս չէ,—պատասխանեցի:

—Տեսնենք ինչ պատմեց, — ըսաւ:

—Նախ,— ըսի բարեկամիս,— հանդարտեցուցի զինք. խօսք տուի որ իմ զավակը կը տեսնեմ ու երկարօրէն կը խոսիմ հետը. ապահովցուցի որ անպայմա՚ն կ՚աշխատիմ բան փոխել իր մէջ: Պէտք էր հանդարտէր մարդը, այլապես այդ յուզումնալի վիճակին մէջ բժշկական քննութիվնը ծուռ հայելի մըն է, ինչ չափազանցուած ձևով կը ցուցնէ:

Հանդարտելէն ետք, քննութենէն ետք, մարդը շարունակեց.

—Ինծի չհամարձակեցաւ ըսել. անցեալ օր ալլ ի՜նչ ըսած ըլլայ իր մօրը... մա՛մ, պապայիս ըսէ, թող ինձի օթոյ մը առնէ, այն ատեն դասերս լավ կը սորվիմ: Հաւնեցա՞ր, տոքթոր, այս խօսքին, առանց օթոյի դաս սորվիլ չ՚ըլլա՜ր. օթոյին անիվները լեզու պիտի ելլեն, տեսա՞ր. կ՝երեւի թէ մէջը աղջիկ պիտի դնէ ու պտըտի. կէլ քեֆիմ կե՛լ... Աչքը բաց է լակոտին: Ծո՛ ես քեզի օթոյ կ՚առնե՞մ. կ՚ուզես սորվէ, կ՚ուզես մի՛ սորվիր, քեզի համար է սորվածդ ալ, չսորվա՛ծդ ալ: