Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/129

Այս էջը հաստատված է

Յետոյ, յետոյ մամային ըսեր է` «եթէ օթոյ չառնէք, ու ես ալ սլաքալորիայի մէջ այս տարի ձեր երեսէն ձախողիմ, կը ձգեմ ու Գանատա կ՚երթամ: Հաւնեցա՞ր, տոքթո'ր: Հիմա ալ կինս սկսաւ լալ ու ողբալ. «Ամէնը մէկ տղայ ունինք, ան ալ Գանատաները պիտի երթայ. չոճուխս պիտի կորսուի՜»: Ես ալ իրեն ըսի` «Ժամանակին երբ հատ մը եւս բերենք ըսինք, մերժեցիր, հիմա ալ մէկ հատիկիդ համար կու լաս ու կ՚ողբաս»: Պիտի խենթացնեն զիս ասոնք, մատ մը տղուն օթոյ պէտք է առնեմ եղեր, այս լսուա՞ծ բան է, տոքոր, լսուա՞ծ բան է:

Թող Գանատա' երթայ, թո՜ղ երթայ որ պոյը չափեմ: Տունս դժոխք եղավ:

Ես խոստացայ նոյն օրը երթալ իրենց տունը:

Բարեկամս գլուխը կը շարժէր:

Դուռը զարնուեցաւ: Նոր հիվանդ մը եկավ: Բարեկամս ոտքի ելավ ու... ցտեսութիւն, «Աստուած օգնէ քեզի» մը մրմնջելով հեռացավ...:

ՀԻԻՐ ԵԻ ՀԻԻՐԸՆԿԱԼ

Արեւելքի մէջ այսպէս է: Արեւմուտքի մէջ նման հանդիպումներ շա՜տ նուազ յաճախականութեամբ կը պատահին:

- Բարի իրիկուն ձեզ, հիւր կ՚ընդունի՞ք:

- Աստուծոյ բարին, Եղիա, եկուր տեսնենք, եկուր, նայինք ի՞նչ նորութիւններ բերած ես:

Եղիան քառասուննոց մըն է: Ընտանեօք եկած են այցելութեան: Ահա տղան` Ավետիսը, հազիվ տասը տարեկան: Աղջիկը` Ալիսը` հազիվ վեց:

Տիկինը կը նստի հիւրընկալ տիկնոջ մօտ. անպայման իրարու ըսելիքներ կ՚ունենան, Եղիան կը նստի հիւրընկալ տանտիրոջ մօտ: Փոքրիկները տան փոքրերուն հետ փսփսուքի կ՚անցնին, հապա, անոնք ալ գաղտնիքներ ունին յայտնելիք իրարու: Ալիսը նոր կօչիկ եւ գուլպայ հագած է, պէտք է շնորհավորել: Ավետիսը նոր ատրճանակ մը ունի, պէտք է փորձել: Իսկ Եղիային տրամադրութիւնը շատ բարձր է: Ինքն է խօսողը.

- Եթէ վաղը նկարս տեսնես քաղաքի բոլոր պատերուն վրայ, եթէ վաղը իմ մասիս խօսին թերթերը, ռատիոն եւ հեռատեսիլը, ալ ի՞նչպէս պիտի խօսիս հետս: Վաղը կամ միւս օր ամբողջ քաղաքի