Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/133

Այս էջը հաստատված է

ամէն մէկը 125 դահեկան տալով կը մասնակցին տոմսի գնման: Ի՜նչ կը պատահի, իրենց թիւը կը շահի: Վաթսուն հազար էր: Տասնհինգ հազարական կը բաժնուին: Չմասնակցող տղան կը կատղի, բայց օգուտ չունէր: Տեսա՞ր ինչպէս աղքատներն ալ կը շահին:

Խօսքը կ՚երկարի վիճակահանութեան մասին, օրինակներ կը տրուին, նիւթը կը սպառի: Յետոյ կը խօսուի օրուան կացութեան մասին. Մոշէ Տայանը ապահարզանի դիմած է եղեր, կ՚անցնինք Բաքիստան, Հնդկաչին, մոլորակները կը բարձրանանք, կու գանք հայկական դպրոցներու խնդիրին, թուրիսթ կ՚երթանք Հայաստան, կարգ մը թուրիսթներ կը ձերբակալուին, անոնց երեսէն օդանաւակայան կը մնանք վեց—եօթը ժամ, եկեղեցի կ՚երթանք, այսինչ պատուելիին քարոզին կ՚անդրադառնանք, այսինչ տէր—հօր ելոյթին, կը նշանենք քանի մը հոգի, կ՚ամուսնացնենք, այսինչին կինը անբարոյ կը նկատենք, այնինչին ամուսինը՝ գինեմոլ, դարձեալ հայութիւննիս կը բռնէ, կը խօսինք Հայստան հաստատուելու մասին, այս անգամ Եղիային տղան կը սկսի տրտնջալ. ի՛նչ կայ, երթանք տուն, կ՚ըսէ, ինչո՞ւ թելեվիզիոնէն այս ժամուն պոքս կու տան, ըմբշամարտ, այդ ի՞նչ ըսել է, այսինքն, իրար գետին զարնել: Կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ տուն երթանք, ալ հերիք ըրիր: Ը՛ ը՛, կուզեմ: Ծօ հիմակուան այս լակոտները իրենց ուզածը կ՚ընեն, մենք մեր հայրերուն առջեւ կը դողայինք: Վ՜այ այս նոր սերունդին. սինեմա երթալ կ՚ուզեն այս մատ չոճուխները: Վերջերնիս ի՜նչ պիտի ըլլայ՝ չեմ գիտեր: Իրար կ՚անցնին հայր ու զաւակ:

Քիչ մըն ալ կերակուրի մասին կը խօսինք: Ձուկը կարեւոր է: Շապութը շատ լաւ է: Հայաստան ալ իշխան ունի: Եփրատի ջրամբարտակը որ վերջանայ, հսկայ լիճ մը պիտի գոյանայ, այդտեղ ձուկ պիտի պահեն, ահա այն ատեն Հալէպը ձուկէն կը կշտանայ:

Է՜հ, հիմա ձուկը սուզ է, շատ սուզ, ծովեզերք ապրելու էինք որ ամէն օր ձուկ ուտէինք:

Այսպէս կէս գիշեր կ՚ըլլայ:

Ամէն ինչ խօսեցանք: Աշխարհը պտըտեցանք: Վաղն ալ ուրիշներ կրնան գալ մեզի, նի՞ւթ կը պակսի, վաղն ալ գրականութեան մասին կրնանք խօսիլ գուցէ, սինեմայի մասին, երաժշտութեան մասին:

Եթէ մեզի եկող չըլլայ, մենք կ՚երթանք ուրիշին տունը եւ հոն աշխարհը տակն ու վրայ կ՚ընենք: