Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/136

Այս էջը հաստատված է

— Ի՞նչ անուն տուիր, երկարաճի՞տ. դուն ալ կը սիրես այս պիտի զարմանալի բառեր գործածել:

Զարմանալի չէ. հայերէն է: Հապա ճիզմէ՞ ըսենք. ուրեմն եթէ հայերէն խօսինք, զարմանալի՞ կ՚ըլլայ: Բայց խօսքը մի՛ փոխեր, մենք Այվազովսքիի մասին կը խոսէինք:

— Էհ, ես անգլիական գրականութիւնը կը սիրեմ, եթէ անգլերէն ըլլար, լեզուս զօրացնելու համար կը կարդայի: Այս ականջօղերս կը հաւնի՞ս:

— Ես ականջօղեր գործածել չեմ սիրեր, այսինքն կրնամ գործածել ալ, մասնաւոր սէր մը չունիմ, բայց անցեալ շաբաթ գրեթէ ամէն օր Շէյքսփիր կը կարդայի. ուղղակի զարմացած եմ. իր ողբերգութիւնները հոյակապ են:

— Ո՚վ է այդ Շէյքսփիրը:

— Չէ՞ որ անգլիական գրականութիւն կը սիրէիր:

— Այո, շատ կը սիրեմ, լեզուս զօրացնելու համար գաղնի ոստիկանական ու սիրային գիրքեր կը կարդամ: Այնպիսի ճարպիկութիւներու կը հանդիպիս որ հոգիդ տակնուվրայ կ՚ըլլայ. սոսկալի գրողներ ունին այս Անգլիացիները. պէտք է կարդաս: Բայց այս կաշիէ ժիլէիս մասին բան մը չըսեիր:

Այս ժիլէդ գեցեցիկ է, վայլած է քեզի: Ճաշակաւոր է:

—Հոգիդ սիրեմ:

—Բայց Շէյքսփիրը ի՛նճպէս չես ճանչնար, համաշխարհայի՜ն հռչակ ունի:

—Չհասկցայ, այդ քիչ առաջ ի՞նչ ըսիր. ողբերգութիւն ըսիր կարծեմ. Շէյքսփիրին ողբերգութի՜ւն մը պատահած է:

—Ողբերգութիւն մը պատահած է…

—Ի՞նչ ողբերգութիւն պիտի ըլլայ ասկէ աւելի: Եկուր դուն կարդա, նախ հայերէնով կարդա Շէյքսփիրի գրածները, վերջը անգլերէնով ալ կը կարդաս ու նոր կը հասկանաս թէ ի՚նչ ըսել է մեծ գրող:

—Է՜հ դուն ալ մինչեւ վերջ գրողներու մասին կը խօսիս...

Այս շաբաթ ի՚նչ ֆիլմի գացիր:

— Ռոմէոյ եւ Ժիւլիէթին:

—Հա՚, ես ալ գացի, սինեմա «Զահրա»յի մէջ կը ցոցադրուէր: