Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Այս էջը հաստատված է

Հայը կէս հայ է: Լրիւ Հայը անպայման կ՚ունենայ նուազագոյն չո՛րս զաւակ:

Սիրելինե՛ր,

Եկէք ուռռա՜ ըսենք Ուջանցիներուն ի պատիւ եւ առաջարկենք փոխել այս գիւղին անունը, այս գիւղին կը պատկանի Անդրանկութիւնը Անդրանիկը Հայաստան բերելուն, ուրեմն թող այսուհետեւ Ուջանը կոչուի Անդրանիկաւան:

Ես շատ եմ թափառած օտար երկիրներու մէջ, շատ եմ գտնուած եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ: Այդ թափառումներուս ընթացքին ելոյթներ եմ ունեցած գրաւոր ու բերանացի ի նպաստ մեր Խորհրդային հայրենիքին, Հայաստանին: Ոչ մէկ կապիտալիստ, կամ իմպերիալիստ չէ ըսած ինծի թէ ինչո՛ւ կը գովեմ Հայաստանը: Իսկ այսօր, որքա՜ն ուրախալի է որ բոլորիդ հետ մենք կը խօսինք Ամենայն Հայոց Անդրանիկին մասին, մեր զինական հանճարին մասին, մեր ֆետայական շարժումը, ազգային ազատագրական պայքարը խորհրդանշող՝ Անդրանիկի մասին:

Ամէն հայու սրտին մէջ Անդրանիկ մը կայ:

Երբ ես Պուլկարիա էի, ու կը շրջագայիէի երկրին հարաւային շրջանները, Սթանքէ—Տիմիթրով քաղաքէն վար աւանի մը մեջ հեռուէն տեսայ Անդրանիկ վիթխարի արձանը: Անմիջապէս վազեցի դէպի այդ արձանը, բարեւ մը տալու արձանացած Անդրանիկին: Ինքն էր ձիու վրայ նստած, մաուզէրը ձեռքին, բաբախը՝ գլխուն, զինավառ: Բայց երբ մօտեցայ, կարդացի արձանագրութիւնը եւ հասկցայ թէ այդ ձիաւորը Կոցէ Տելչեւ կը կոչուէր:

Ո՞վ էր այդ Կոցէ Տելչեւը: Անցորդ պուլկարի մը հորցուցի:

Ըսավ.

— Կոցէ Տելչեւը Օսմանեան Թիւրքիոյ դէմ պայքարած, մեր ազգային ազատագրական պայքարի մեծագոյն հերոսներէն մէկն էր:

Իսկական ֆետայի մը:

Այն ատեն, ես մտածեցի.— Եթէ նոր Սոցիալիստական երկիրր դարձած այս երկիրը, իր հերոս զաւակի նարձանը կը բարձրացնէ հրապարակի վրայ, հապա ինչպէ՛ս Հայաստանը, որպէս առաջին սոցիալիստական երկիրներէն մէկը նոյնը չընէ… Ի պատիւ Անդրանիկաւանի բնակիչներու, նախկին Ուջանցիներուն, այսօր ահա կը բարձրանայ մեր ազատութեան արձաններէն մէկը, Անդրանիկի արձանը Հայաստան լեռնաշխարհին մէջ: