Ազատութիւնը կրնայ բանտուի'լ, բայց չի՛ մեռնիր: . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . Կարճ չեղաւ Տաւրոսին ելոյթը: Ուրիշ շատ բաներ խօսեցաւ:
Վերջ գտաւ տօնահանդէսը:
Արեւը բարտիներուն հետ կը խաղար: Ժողովուրդը չէր ուզեր հեռանալ: Բայց կամաց-կամաց հրապարակը պարպուեցաւ: Կարծէք հաղուրդիեցաւ ժողովուրդը. այս անգամ փոխան Ղեւոնդ Երէցի, Զօր. Անդրանիկի ձեռքով իր գոյութեան կռիվը շարունակելու համար:
Տաւրոսը ձեռքէ-ձեռք խլուէցաւ: Տունէ-տուն տարուեցավ:
Կանգ չառնող ժամանակը կէս գիշերէն ետք ժամը երկուքը ցույց տուաւ:
Տաւրոս վերադարձաւ Երեւան:
Որքա՜ն պայծառ էին աստղերը այդ գիշեր: Երկինքը որքա՜ն մոտիկցած էր Հայաստան լեռնաշխարհին այդ գիշեր: Այդ գիշեր, աստղերը համբուրել կը փորձէին Անդրանիկի աչքերը:
⁂
Տավրոս հասաւ Լենինեան պողոտային նայող իր բնակարանը:Կատուի թաթերով մտավ ներս: Իրենց միակ ննջարանին մէջ երեք խաղաղ շնչառութիւն կար Հայաստանի խաղաղ երկինքին տակ:
ՄտաՒ անկողին գողի մը պէս:
Առաւօտեան, կինը ժպիտ չունէր իր դէմքին, երբ յարեց.
— Տաւրոս, այդ որքան միրգ, այդ որքան մսեղէն բերիր: Երախաները կուշտ ու կուռ կերան:
—Անդրանիկի օրհնութիւնը բերի:
—Կը սիրես հեքիաթնե՜ր պատմել:
—Հեքիաթը իրականութիւն դարձած իր հայեացքով կը չափէ մեր սահմանը, սահմանէն անդին գտնուող սահմանը...
-Ե՜լ, ե՜լ, երթանք Ծածկած շուկայ և միրգ ու մսեղեն բերենք: Տաւրոսին կինը դժկամակութեամբ պատրաստուեցավ: Իջան ԼԵնինեան պողոտայ: ԱրդԷն մօտ էր շուկան: ՃամբաՆ մէկը կեցուց այս ոչ այնքան ուրախ զոյգը եւ.
-Ընկե՛ր, երէկ դուք չէի՞ք Ուջանում խօսողը…