Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Այս էջը հաստատված է

— Չէ՞ք հաւաատում, — կը հարցնեմ՝ թերահաւատութիւն նշմարելով իրենց դէմքերուն վրայ:

—Եթէ դուք լինէիք գնացողը, այո՝, բայց որ ընկերուհին է զնո՜ւմ...

— Խնդրում եմ ձեզանից, —կ՚ըսեմ իրենց, — բերէքն մեզ այն նկարը, որը դուք նկարուել էք ամբողջ ընտանիքով վերջին անգամ, Հրաչի բանակ գնալու նախօրեակին, խնդրում եմ նույնպէս բերել նկարները ձեր արդէն ամուսնացած երեխաներին՝ իրենց ընտանիքներով, եւ մի ձեռագիր բացիկ բժշկուհու ձեռքով գրուած: Այս փաստաթղթերը անրհաժեշտ կը լինեն Հրաչի ինքնութիւնը հաստատելու տեսակէտից: Երկու օրից մեկնում է իմ տիկինը: Ուրեմն այս բոլորը մեր մոտ պիտի բերել վա՛ղն առաւօտ:

Մանրամասն կը խօսիմ Ժագոպի մասին, անոր նուիրուածութեան մասին, ծառայակամութեան մասին: Վերջապէս ժխտական նժարը դրականի կողմը կը հակի, տիկինները կը մեկնին:

Ես ու տիկինս իրենց մեկնելէն վերջ կու լանք հայկական այս հիւանդութեան վրայ, որ կրնայ Միջերկրականեան ալ կոչուիլ, Հնդկաչինեան ալ կոչուիլ, համաշխարհային ալ կոչուիլ:

Տիկինս մեկնեցաւ Պէյրութ: Վերադարձաւ Պէրույթէն: Երեւանցի Հրաչը Պէյրութի մէջ այդ գիշեր աւ ունեցաւ իր հերթական անհանգիստ քունը: Արթնացաւ քանի մը անորոշ զգացումէ մը զսպանակուած: Ելաւ ոտքի, ճեմեց իր ամուրիի սենեակին մէջ: Դժբախտ Էմմա ըսաւ, դժբա՜խտ Էմմա, արդեօք կ՚ապարի՞ս թէ չուած ես այս աշխարհէն, արդեօք ի՜նչ եղան մեր զաւակները, մեծացա՞ն թէ կորան դաժան ժամանակներու մէջ, մայրը ի՜նչ կընէ հիմա, մայրերը դիմացկուն կ՚ըլլեն, սպիտակա՞ծ է արդեօք թէ հինն է, նիհար բարտի, բայց կանանչ ու սօսափող, հապա՞ քոյրը, որ այնքան եռանդ ունէր իր մէջ, ամուսնաա՞ւ արդեօք, ի՛նչ եղաւ...

Թերեւս այդ գիշեր տագնապալի երազներ կը տեսնէր, կը պառկեր ու չէր կրնար քնանալ, թերեւս կէս-քուն կէս-արթուն վիճակի մէջ կը կրկնուէր իր երազը, թէ ինք Երեւանի մէջ էր, իր ընտանիքին հետ: