Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/29

Այս էջը հաստատված է

Անկէ ետք ես յաճախ կը հանդիպէի հրաչի զաւակներուն Երեվանի փողոցներուն մէջ. հազիվ կը բարեւէինք իրար. կարծէք ես մահուան գիրկը նետած ըլլայի իրենց հայրը...

Ու Արմինէին հետ երէկ Երեւանի մէջ, այսօր Հալէպի, ամէն անգամ որ յիշենք Երեւանցի Հրաչը, կ՚ըսենք.

-Երանի՜ թէ գտած չըլլայինք այս տղան:

Գտնուելով՝ երկրորդ անգամ կորսուեցաւ Հրաչ:

Եվ այս անգամ յավիտանապէս:



Հալէպ, 1972