Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/30

Այս էջը հաստատված է

Պոլսեցի Խաչիկը



Կորսնցուցած էր համրանքը:

Քանիերո՞րդ վէճն էր ասիկա կնոջը հետ: Ինք Հայաստան պիտի երթար, հայրենիք պիտի հաստատուէր: Ինք թքեր էր ամերիկեան իր ինքնաշարժին, Քաբալը Չարշըյին մէջ գտնուող առեւտրական իր ձեռնարկին վրայ: Առեւտրական ձեռնա՞րկ: Ինք գրող մարդ էր: Միթէ՞ իր հոգին պիտի այսպէս խեղդուած պահէր փերեզակի սա ապակիներու ետին ու յետոյ... յետոյ ի՛նչ, ա՛լ ձանձրույթը թոյնի վերածուած էր իր արեան մեջ, իր հիւսուածքներուն մէջ ու կը սպառնար ուղեղին ամէն ժամ, ամէն վայրկեան:

Ո'չ, անտանելի էր: Իր որոշումը վերջնական էր, վերջնական: Պիտի մեկնէր հայրենիք:

— Թագուկ, ճանս, սա մեր կեանքին վերջալոյսը թող քիչ մը լուսավոր ըլլայ: Ամբողջ մեր կեանքը, գրեթէ յիսուն տարի Պոլսոյ մէջ անցավ. մնացեալ կտոր մը արեւն ալ Երեւանի մէջ տեսնենք:

—Ի՛նչ եղել է Պոլսոյ: Անունով ալ գրող ես: Կարծես կարդացած չես Պոլսոյ գովքը հիւսող ծով մը գրականութիվնը: Կարծես ապրած չըլլայիր այս քաղաքին մէջ: Չեմ հասկնար ինչէ՛ն դժգոհ ես. տուն ու տեղդ մարդավաարի, խանութին քործը լավ, օթոն ոտքիդ տակը, բնութեան գեղեցկութիվնները... կը հասկնամ, կը հասկնամ