Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/31

Այս էջը հաստատված է

ինձմէ զավակ չունեցար, այդ է պատճառը, նախկին ամուսինէս բերած Վարդանս ալ մարդու տեղ չես դներ, քեզմէ չէ . . .:

Ու սկսաւ հեծկլտալ Թադուկ:

— Գիտեմ, չես սիրեր զիս, ահա միակ պատճարը Պոլիսէն դզուելուդ, ուրիշ հեքիաթներ լսել չեմ ուզեր:

— Սիրելիս, այս քանի տարի է որ կը վիճինք: Ո՛վ ըսաւ թէ Վարդանը չեմ սիրեր: Դուն ալ գիտես թէ քու Վարդանիդ համար հոգ կու տամ, նուէրներու լաւագոյնը կը բերեմ իրեն, պտոյտներու կը տանիմ զինք, մեր ամուսնական կեանքի տասնեւհինգ տարիներու ընթացքին ոչ մէկ օր զգալ տուած եմ թէ ինք որբ է, արդէն երիտասարդ է Վարդան, իր 18-ին մէջն է, մէյ մը հարցուր տեսնեմ թէ ինձմէ դժգոհութիւն ունի՞...

—Չեմ գիտեր, դուն զիս չես սիրեր: Այս մեր հանգիստ կեանքը ձգելով կ՚ուզես Հայաստան մեկնիլ: Ի՞նչդ պակաս է, ըսէ, ի՞նչդ պակաս է:

— Ճանըս, քեզի հազար անգամ ըսած եմ թէ ինծի պակասողը դրամը չէ, վայելքները չեն, քաղաքին բնական գեղեցկութիւնները չեն, ինծի պակսողը հայրենական հողն է, հայկական մթնոլորտը, որ հետզհետէ կը պակսի սա երբեմնի հայակեդրոնին մէջ:

—Ի՜նչ, հայկական մթնոլորտ կը պակսի Պոլսոյ մէջ. եկեղեցիները իրենց տեղն են, դպրոցները իրենց տեղն են, երգչախումբեր, թատերախումբեր, գրական երեկոներ. ի՞նչն է քեզզի պակսողը. մեր այնքան թանկագին գրողներուն աճիւններն անգամ այստեղ են, Դուրեան, Մեծարենց, Զարիֆեան, ո՞ր մէկը թուեմ...

— Օդ չկայ օ՝դ, թթուածին չկայ: Քեզի հազար անգամ ըսած եմ ու ալ կրկնելու պէտքը չեմ զգալ: Շուտով կը մեկնիմ հայրենիք, քեզի կը թողում օթօ, վայելքներ, տուն, տեղ ու փերեզակութեան մեր կենդրոնը ի Քաբալը Չարշը, ամէն ինչ քեզի թող պատկանի ու Վարդանին. աչք չունիմ ձեր վայելքներուն վրայ, իմ վայելքս հոն պիտի ըլլայ Արարատի փէշերուն…

— Կատարեալ խենթ մըն ես:

— Այո՛, խենթ եմ ու պետի մեկնիմ:

— Մեկնիր, որո՜ւ հոգը:

— Այսօ՛ր իսկ կը մեկնիմ:

— Բայց դուն խիղճ չունիս, իմին խելոք Խաչիկս, ուրեմն սո՞ւտ էին ինծի այսքան տարի շռայլած խօսքերդ. վա՜յ, վա՜յ, չեմ հավատար ականջներուս, ուրեմն երբեք չես սիրած զիս, հապա ի՜նչէս