Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/33

Այս էջը հաստատված է

տապեն յոգնած իջան ծովը, ու պսպղացուցին ծովը, Խաչիկ մտածեց ուրիշ ծովակի մը մասին ուղղեց դէպի տուն…

Մեկ օրուան մէջ յիսուն տարի ապրած էր Խաչիկ:

Խաչիկ օդանաւէն չդիտեց կորսուող քաղաքը: Իր խոհերուն հետ էր: Ի՞նչ էր իր կորսնցուցածը: Անցեա՞լ մը: Բայց անցեալը իր հետն էր: Ինք կ՚երթար հայրենիք մը շահելու: Ի՞նչ էր իր կորսնցուցածը, կին ու իր կնոջմեն եկող զաւակ մը, բայց անոնք ալ կրնային գալ, միանալ իրեն,պիտի գային, ինք պիտի գրէր անոնց, պիտի համոզէր: Հայրենիքէն աւելի անոյշ ինչ կար աշարհիս վրայ:

Չհասկցաւ թէ օդանաւը երբ հասաւ Պեյրութ: Անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպի ելքի դուռը: Սպասելու պէտք չուներ, իր ետեւէն վալիզներու պոչ մը կախած չէր. ամբողջ ունեցածը ձեռքի պայուսակ մըն էր:

Մաքսի պաշտօնեան էր.

—Պարո՛ն, ձեր պայուսակները:

—Թուրիսթ եմ, առանց պայուսակի թուրիսթ: Եթէ բանի մը պէտք ունենամ, ձեր երկրէն կ՚առնեմ:

—Թող ամէն օր գան ձեզի պէս թուրիսթները:

Խաչիկ ամիս մը մնաց Պեյրութի մէջ: Այստեղ գտաւ հին ծանօթներ, որոնք փորձեցին զինք համոզել՛ հաստատուիլ Պէյրութ. կինն ու զավակը բերել Լիբանան եւ ապրիլ առեւտուրի այս սքանչալի երկրին մէջ: Ի՜նչ պէտք կար Հայաստան երթալու: Եթէ շատ կը փափքէր, թո՛ղ երթար թուրիսթ:

Իր որոշումին մասին ո՛չ ոքի խօսեցաւ Խաչիկ: Լսեց աջէն խօսողները, ձախէն խոսողները, «Պեյրութ հաստատուէ» բարեխօսողները, բայց երբ վեր վերջացուց իր վիզայի գործողութիւնները, ալ համբերութիւնը սպառած էր:

Հանրապետական Թիւրքիոյ անցագրով Հայրենիք կը մեկնէր Խաչիկ: Մէկ ամիս մնացած էր Պեյրութ, բայց այս քաղաքէն ոչինչ կը յիշեր, ոչի՛նչ. միայն քանի մը բարեկամներ տեղ գրաւուած էին իր միտքին մէջ:

Հիմա ինք օդանաւին մէջն էր: Հայրենիք փոխադրող օդանաւը