իրեն կը թուէր հրեշտակի թեւեր ունեցող հսկայ թռչուն: Ինք առանձին էր բոլորովին առանձին. ո՝չ մէկ բեռ ունէր իր հետ, նոյնիսկ չէր մտածած ձեռք մը հագուստ գնել Պեյրութէն, քանի մը շապիկ վերցընել, ինչ Հայրենիք կ՝երթար, պիտի ապրէր այնպէս ինչպէս կ՝ապրէին իր եղբայրները, այդքան: Վայրէջք Արարատեան դաշտին վրայ: Մասիսներու սրբազան վեղարները... մշուշ, երազ եւ իրականութիւն... Սա հայրենի հողն է:
Օդակայանին մէջ Խաչիկ մնացա ամբողջ չորս ժամ: Այդքան տեւեց փերեզակներու գոյքերուն քննարկումը: Մարդիկ կային որոնք կը հայհոյէին, կը դժգոհէին, վայրկեան առաջ դուրս ելլել կ՝ուզէին: Չորս ժամ դիմանալը դիւրին չէ: Պէյրութ-Երեւան օդուղին աւելի կարճ ժամանակէն կարելի է նուաճել քան Երևւանի օդանաւակայանէն Երեւան 15 րոպէնոց ճամբան: Բայց Խաչիկ չիմացաւ այդ բոլորնը: Ինք իր երազին հետ էր, իր երազին հասած էր:
Արմենիա հիւրանոց:
Առաւօտեան իր առաջին գործը եղաւ դիմումնագիր մը ներկայացնել Հայաստանի քաղաքացի ըլլալու կապակցութեամբ:
Նոր ծանօթներ ունեցաւ: Օգնեցին իրեն: Այս Հայը տարօրինակ մէկն էր, երկընտրանքը անծանօթ էր իրեն, ինք որոշումով մը եկած էր:
Դիւրին չեղաւ իր քաղաքացի ընդունուիլը, գրեթէ տարի մը տեւեց: Պակսեցաւ իրեն դրամը, պակսեցաւ հանգիստը, բայց իր որոշումը, մնաց անաղարտ: Ամէն տեղ սիրալիր չեղան իրեն հետ, ամէն մարդ չհասկցավ զինք, բայց ինք աշխատեցավ հասկնալ մարդերը իր երկրին, զինք հասկցողներու ալ հանդիպեցավ ու վերջապէս օրին մէկը ունեցավ իր մէկ-սենեականոց բնակարանը:
Պատշգամէն կ՚երեւէին զոյգ Մասիսներն ու Արագածը:
Իր բարեկամները քոնեաքի սեղանի մը հրավիրեց ու այդ գիշեր լացավ ուրախութենէն:
Այդ մե՜կ տարին...
Հիւսուածեղէնի ֆարպեքի մագողները այնպիսի կանոնավորությամբ չաշխատեցան որքան կանոնաւորությամբ ընթացավ նամակները Երեւան-Իսթանպուլ, Իսթանպուլ-Երեւան: