Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/37

Այս էջը հաստատված է

Եկող զբօսաշրջիկներէն ոմանք լուրեր բերին Թազուկէն, անոր կարոտները բերին, բաղձանքները բերին:

Ու օր մըն ալ բերին ձայնապնակ մը.

—Նէ զեման կելեճեկսին,

Պու քաչը՞նճը պահար…

Ձայնապնակը կը դառնար, կարծես երկրագունտը կը դառնար Խաչիկին շուրջ, երգին բառերը կը յուզէին զինք, ու Խաչիկ կ՚արտասուէր, կ՚արտասուէր:

Արդէն տարին եղավ երկու: Նամակներուն թիվը հարիւրը անցավ: Խաչիկ գրեց վերջին նամակ մը.

— Թագո՛ւկս, ո՛րբ Թակուգս, եկուր, վերջի՜ն անգամ կ՚ըսեմ՝ եկո՛ւր, այլապէս որոշած եմ ամուսնանալ: Դժուար է այս որոշումը իրագործելը, բայց ուրիշ ճանապարհ չունիմ...

Խաչիկ բարձրագոյն ուսում չունէր: Անհրաժեշտ էր գիշերային համալսարան երթալ: Գնաց: Դիւրի՞ն է կը կարծէք յիսունէն ետք համալսարան յաճախելը: Երբեմն ինծի այնպէս կը թուի, կ՚ըսեր Խաչիկ, թէ ուղեղիս ժապավենները սպառած են, արձանագրելի երիզ չէ մնացած: Այո, դժուար էր, բայց Խաչիկ հասավ այդ օրուան ալ, հասաւ համալսարանի տիպլոմին:

Ինչո՞ւ այսպէս է կեանքը, կը մտածէր Խաչիկ, ինչո՞ւ այս հակասութիվնը, ինչո՞ւ սա անկարելիութիւնը՝ ուրախութիւն մը անխառն ապրելու: Համալսարան ավարտած օրը Թագուկէն ստացած էր նամակ մը, վճռական ու վերջին նամակ մը, ուր Թագուկ կ՚ըսէր թէ ինք որպէս կին ըրած էր իր կարելին որ այս ընտանիքը մնար կանգուն: Թէ Խաչիկ անուղղայ մնացած էր, թէ զինք խաբած էր, թէ...

Ալ չշարունակեց ընթերցումը... մտածելու այս ի՜նչ եղանակ է վերջապէս, կեանքը ընկալելու այս ի՜նչ տարօրինակ տեսակէտ...

Թիւրքիան Խաչիկին կապող երիզը կտրուեցաւ:

Ամուսնացաւ Խաչիկ: Սա իր երկրորդ ամուսնութիւնն էր: Ամուսնացաւ երեւանցի թուխ աղջիկի մը հետ, որ քառասունին բարեւ կու տար: Թուխիկ էր աղջիկին անունը ալ: Խաչիկ Թուխիկին պատմեց ամէն ինչ, ամբողջ իր կեանքը: ԹուխիկԻՆ պատմեց ամէն ինչ ամբողջ իր կեանքը:

Հիմա մէկ մտահոգութիւն ունէր Խաչիկ. արդեօք պիտի բախտաւորուէ՞ր զաւակով մը: