Վարուժան մինչեւ Պարոյր Սեւակ: Մեր բոլոր մեծ կղերականները այստեղ են Խրիմեան Հայրիկէն մինչեւ Վաղգէն Վեհափառ եւ Կատինալ Աղաճանեան: Տեսակ մը մշտական ցուցահանդէս: ՉմոռնաՄ ըսելու որ Գրիգոր կաթոլիկ է, ինք կը սիրէ հա՛յ—կաթոլիկ:
—Եղբայր, հազար տեսակ կաթոլիկ կայ, ֆրասացի, գերմանացի, անգլիացի, իտալացի, նոյնիսկ խափշիկ ու չինացի կաթոլիկ, բայց ես հա՚յ—կաթոլիկ եմ, հասկանալի՞ է:
—Անշուշտ հասկանալի է, Պրն. Գրիգոր: Այն ալ շա՛տ հասկնալի:
Գրիգորի ամէն խօսքին հետ ծուխ կ՚ելլէ իր բերնէն, մշտաշխատ ծխնելոյզ մըն է իր բերանը: Կը հասկանամ թէ օրական վաթսուն գլանիկ կը ծխէ:
Երէք բանէ կը գանգատի Գրիգոր՝ հայ նոր սերունդէն եւ իր սիրտէն ու շնչառութենէն:
—Սա անիծեալ թոքերս ու սիրտս շուտ յոգնեցան, շա՚տ շուտ:
Վաթսունինը տարիս չլլրացած՝ սկսան չհպատակիլ ինծի:
—Անշուշտ, այդպես կ՚ըլլայ, — կը պոռայ Արմէն, — դուն եթէ շարունակես այսպէս ծխելը, չհպատակիլը ինչ է որ, այս սիկարէթը Թիւրքին չըրածը կ՚ընէ քեզի:
—Այսի՞նքն:
—Ասկէ ալ պարզ բա՞ն, այսինքն քեզ կը մեռցնէ՚: Դուն կը պատմես թէ ազատեցար Թիւրքին սուրէն, բայց ահա ինկած ես ուրիշ սուրի մը տակ:
—Տէ, տէ, երեկուան լակոտը ինձի դաս կու տայ: Դուն սա թրքերէն խօսիլդ թող մէյ մը:
—Ես թրքերէրէն խօսիլը պիտի ձգեմ երբ ամուսնանամ: Որոշած եմ հայ աղջիկի մը հետ ամուսնանամ, հայերէն գիտցող հայ աղջիկի մը հետ, անկէ հայերեն սորվել, վերջը ծնելիք զաւակիս հետ մեր այբբեգիմն ալ սորվիլ:
Գրիգորին աչքերը կը պզտիիկնան. ուրախութիւնը կը պզտիկցընէ Գրիգորին աչքերը: Բայց չ՚ուզեր յանձնուիլ սա «երէկի լակոտին»:
—Ծօ՛, եթե այդպես է, ես քեզմէ դաս առնողը, չեմ, ես այս վայրկեանիս մնաս բարով կ՚ըսեմ սա անիձեալ սիկարէթին:
Բերնէն կը հանէ իր ծխած վերջին գլանիկը, կը ճզմէ ոտքին տակ, գրպանէն կը հանէ սիկարէթի իր ունեցած վերջին տուփը, նոյնպէս կը ճզմէ ոտներուն տակ ու կ՚սէ.
—Յիսուն տարուրան թշնամիս մեռցուցի: