Բայց գիտես ինչ, ես կը մտածեմ նոր գիրք մը գրել, անշուշտ Ֆրանսերէնով, նոր գիրք մը, որ ըլլայ Հայուն նոր կտակարանը: Մեզի ի՜նչ Հրեային Հին ու Նոր Կտակարանները: Մեզի հայկական Նոր Կտակարան մը պէտք է: Նո՛ր Կտակարան մը՝ որ հպարտութիւն ներշնչէ օտար հողերու վրայ ապրող մեր երիտասարդութեան. առանց այդ հպարտութեան մենք մեռած ենք, մենք կանք ու չկանք, մենք գոյութիւն չունինք: Ազգային հպարտութիւն. այդ է մեզի պակսողը: Այդ հպարտութիւնը Հայուն Նոր Կտակարանովը պէտք է տրուի:
— Այդ Նոր Կտակարանը ամէն օր կը գրուի թէ՛ այստեղ, թէ՛ Հայաստանի մէջ: Կը գրուի կեանքով, գործքով, սխրանքով: Այդ դրուածը պէտք է մատչելի դառնայ երիտասարդութեան:
—Ո՛Ւր է, չեմ տեսներ .ո՛ւր է, ի՛նչպէս կը գրուի:
—Կը գրուի, Արմէն, քու հայերէն խօսելովդ կը գրուի:
—Քիչ է, շատ քիչ, մենք ողորմութեամբ պատմութիւն չենք կրնար կերտել, Արմէն մը պակա Արմէն մը աւելի, ամբողջ երիտասարդությունը պետք է արթննայ: Ֆրանսացին Պալզաք ունի, Փասթէօր ունի, էլիւար ունի, էքզիւփերի, երգ ունի, թատրոն ունի, Քիւրի ունի, ազգային հպարտի՜ւն, ազգային հպարտի՛ւն:
—Մենք չունի՞նք:
—Ո՛չ:
— Ունի՛նք: Միայն տեսնել պէտք է: Գրէ, գրէ արդէն իսկ գրուած Նոր Կտակարանը Հայուն: Ու այդ Նոր Կտակարանին առաջին գլուխը թող սկսի Վիկտոր Համբարձումեանով, թող սկսի Արամ Խաչատուրեանով, տասը գլուխ գրէ Սարտարապատի մասին, տասը գլուխ Եղեռնի Յուշարձանին մասին, 2750—ամեայ Երեւանին մասին:
Ազգայի՜ն հպարտութիւն:
Գրէ Ուիլեամ Սարոյեանին մասին:
Գրէ, քի՞չ բան տուած ենք Ֆրանսային. Գառզու, ժանսեմ, Ազնաւուր, Թրուայա, Լին Տուրեան, քի՞չ բան տուած ենք:
Ազգային հպարտութի՜ւն, գրէ հայուն Նոր Կտակարանը, Ամէն, այսօ՛ր գրէ, վաղուան մի թողուր:
Մենք բաժակները նորոգեցինք:
Հալէպ, 1972 Յունիս