Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/47

Այս էջը հաստատված է

մը ունեցած ըլլալով Գէորգի հետ, միշտ անոր հետ կ՚ըլլար ազատ ժամերուն:

Դպրոցին փոփոխութիւնը պատճառ դարձաւ որ Մելքոն աւելի մտերմանայ Գէորգին հետ:

Անցան տարիներ: Ընկերները մեծացան: Ընկերութիւնը մնաց ջերմ: Երկուքն ալ ամուսնացան: Երկունք ալ ունեցան զաւակներ:

Արաբերէն լեզուին կարեւորութիւնը տարիներուն հետ շեշտուեցաւ: Մելքոն արաբական դպրոցի մը փոխ-տնօրէնն էր քաղաքին մէջ եւ նիւթական բարեկեցիկ կեանք մը կը վարէր: Գէորգ մնացած էր քեմբին մէջ, կօչկակարութիւն կ՚ընէր. միջակի մօտեցող կեանք մը կ՚ապրէր գիշերները ցերեկին միացնելով:

Մելքոն հոգածու էր իր ընկերոջ հանդէպ: Գէորգ ինչո՞ւ իր զաւակները անպայման հայկական դպրոց պիտի ղրկէր, արդէն գրաճանաչ դարձած էին, թո'ղ մտնէին արաբական դպրոց, Հայերէն թերթ մը կարդալ կրնային, թո'ղ տիրապետէին արաբերէնին եւ գործի ասպարէզին մէջ նախանձելի դիրքի հասնէին:

Թէեւ դժկամութեամբ, Գէորգ իր զաւակները արձանագրել տուաւ Մելքոնին պաշտօնավարած դպրոցը:

Լաւ տղայ է Մելքոնը, անդաւաճան ընկեր, ինչո'ւ գէշ բան ըլլար իր առաջարկը, վերջին հաշուով ճիշդ էր, թող տղաքը տեղական լեզուն լաւ գիտնային.ատիկա իրենց Հայկականութենէն ոչինչ կը պակսեցնէր, դարձեալ որպէս լաւ Հայ կրնային մեծնալ. ինչու Մելքոնը գէ՞շ Հայ էր. ահա' արաբական դպրոց վե`րջացուցած էր եւ նոյնիսկ Հայ արձակագիրներու գործերէն փունջ մը արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակել տուած Պէյրութի արաբական մամուլին մէջ. ասկէ լաւ Հայրենասիրութի՞ւն:

Օրերը կ՚անցնէին, տղաքը իրենց Հայկական դպրոցը կը կարօտնային. ու Մելքոնին եւ Գէորգին փոխադարձ այցելութիւնները թէեւ ոչ յաճախակի, բայց կը շարունակուէին:

Օր մըն ալ Մելքոն ըրաւ առաջարկ մը Գէորգին.

- Դուն մինչեւ ե՞րբ պիտի բնակիս սա կեղտոտ քեմբին մէւ. ի վերջոյ չես կրնար ըսել թէ աղքատ ես: Փա՜ռք Աստուծոյ, ճակտիդ քրտինքովը Հարցդ կը շահիս, կրնաս հազար լիբանանեան վարձք մըն ալ տալ սանկ երկու սենակ մէկ սալոն յարկաբաժինի մը: Տղաներդ ալ սկսան մեծնալ: Ամօթ է Հայուն որ այսպիսի խեղճ ու կրակ տեղ մը բնակի:

Մելքոնին ըսածը ճիշդ էր: