Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/50

Այս էջը հաստատված է

ստիպուած պարտք ըրած է: Կօշկակար մը ի՜նչ պիտի շահի որ, երբ կ՚աշխատի ուրիշին համար:

Միւսիւ Նիքոլան ինկաւ մտածմունքի մէջ.

Հայկն ալ մտածմունքի մէջ ինկաւ ու.

—Կը տեսնեմ չէք խօսիր, միւսի'ւ Նիքոլա:

—Այո', այստեղ խաղ մը կայ, որովհետեւ ես միայն հինգ հարիւր լիբանանեան ստացած եմ ճիշդ անոր համար որ եկող վարձուորը պարզ արհեստաւոր մըն է:Լա'ւ, միտք մը յղացայ. կրնա՞ս այդ Գէորգէն ստորագրուած թուղթ մը բերել թէ ինք հազար լիբանանետն վճարած է:

—Անշուշտ կրնամ:

—Կը սպասեմ:

Սափրիչ Հայկ իր շունչը առաւ Գէորգին աշխատատեղիին մէջ: Պատմեց կօշկակարին ամէն ինչ: Գէորգ չլմորեցաւ: Այս աշխարհի մէջ չէր կարծես- իրա՞ւ այդպէս բան մը կրնար ըլլալ, իրա՞ւ իր տարիներու ընկերը, բարեկամը Մելքոն կրնար զինք խաղի բերել ընդամէնը հինգ հարիւր լիբանանեանի համար, իրա՞ւ կրնար բարեկամութիւն մը ծախել, աճուրդի հանել ոչինչ գումարի մը փոխարէն...

Աստուա՜ծ իմ, երանի՜ սափրիչին պատմած չըլլար այս եղելութիւնը, բայց արդեօք իրականութի՞ւն է սա... Հայկին ձայնին վրայ սթափեցաւ Գէորգ:

—Շո'ւտ ըրէ, Գէո'րգ, գրէ, ես ալ գործեր ունիմ, գրէ որ տանիմ մարդուն:

—Բայց այս երկտողը տարիներու բարեկամութիւն մը պիտի մորթէ, ես ոճրագործ չեմ:

—Բարեկամութիւնը մորթող մը եղած է, քու դրամովդ քէյֆ ըրած է ընկերդ ու դուն մուրճով կաչի ծեծելով ուրիշին քեյֆը բերած ես:

Ի վերջոյ, Գէորգ դժկամութեամբ կը գրէ թուղթ մը, կը ստորագրէ տաժանքով, կարծէք մահապատիժ մը կը ստորագրէր ու կ՚երկարէ դողացող մատներով սափրիչ Հայկին:

Թուղթը կը հասնի միւսիւ Նիքոլային:

Օրերը կը սահին օրացույցէն թերթեր փրցնելով:

Յետմիջօրէի մը Մելքոն իր տիկնոջ հետ թէեւ ուշացումով, բայց վերջապէս ափ կ՚առնէ իր նախկին դրացիին նոր վիլլային դրան