Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/52

Այս էջը հաստատված է

—Գոնէ, որպեսզի անցածը անցած ըլլայ ըսեմ, երկու հարիւր ոսկի մը վերադարձուր որ կարենամ միւսիւ Նիքոլային այս սուտը խօսիլ:

Գէորգ արթնցած, միտքէն կը հաշուէը թէ իր հինգ հարիւր ոսկին կորսուած է արդէն, եթէ երկու հարիւր մը կարենայ ետ առնել այդ ալ իր շահը կ՚ըլլայ, արդէն միւսիւ Նիքոլային մօտ ստորագրութիւն ունէր իր հազար ոսկի տուած ըլլալը հաստատող: Եթէ ինք բեանացի ստէր, միւսի Նիքոլան կրնար իր ստորագրած թուղթը մէջտեղ հանել ու ինք այդ վայրկեանին կը խոստովանէր ճշմարտութիւնը, բայց առ այժմ գոնէ ազատէր երկու հարիւր ոսկին...

—Ինչո՞ւ կը դանդաղիս, տուր գոնէ երկու հարիւր ոսկի...

—Չեմ կրնար տալ, կը նախընտրեմ հինգ հարիւրը Նիքոլային տալ, այդ կծծի շունին քան քեզի, ապերա՛ խտ...

—Բայց ինչո՞ւ, Մելքոն, ինչու, ես քեզի ինչ ըրած եմ, միթէ մեր տասնամեակներու ընկերութիւնը...

Ու չկրցաւ շարաունակել:

—Տէ լաւ, լաւ, առ սա հարիւր թուղթը ու քալենք, ես նորէն խիղճ ունիմ:

Քալեցին: Տխուր ճանապարհ մըն էր: Տխուր օր մը որքա՛ն հեռու է Ռաս Պէյրութը... Կարծէ աշխարհի միւս ծայրը ըլլար...

Միւսիւ Նիքոլլա սիրով ընդունեցաւ հիւրերը, սուրճ ապսպրեց: Գէորգ ըսաւ թէ ինք միայն հինգ հարիւր լիբանանեան վճարծ է այս տունը մտնելու համար: Մելքոն հրճուեցաւ: Միւսիւ Նիքոլան՝ «շատ լաւ», ըսաւ պաղարիւնով, ու հիւնով, ու հիւրը մեկնեցան:

Ամբողջ գիշերը չկրցաւ քնանալ Գէորգ: Միւսիւ Նիքոլան ինչո՛ւ սեղանին չէր զարկած իր ստորագրած թուղթը, ինչո՛ւ: Ի՛նչ էր պատճառը, ի՛նչ կրնար ըլլալ: Արդեօք իր մասին ի՜նչ կը մտածէր միւսիւ Նիքոլան չէ՞ր ըսեր թէ «նմանն զնմանն» գտանէ, ինչպէս Մելքոնը, նոյնպէս իր ընկերը, երկուքն ալ ստախօս են ու խաբեբայ…

Դժուարաւ ապասեց որ ժամը 7.30 ըլլայ: Նստաւ թաքսի մը եւ ուղիղ կեցաւ միւսիւ Նիքոլային դրան առջեւ:

Երէկ ես կը ապասէի որ մէջտեղ կը հանէք իմ ստորագրած թուղթս… հիմա դուք գուցէ կարծէք որ ես ալ…